Հրանդ Մարգարեան. «Յանուն Ղարաբաղի Եւ Ընդդէմ Ոչ Ոքի»

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը 14 դեկտեմբերին ընդունած էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:

Հանդիպումին քննարկուած են պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր:

Հանդիպումի աւարտին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հրանդ Մարգարեան ըսաւ.

«Մեր կենսագրութեան անբաժանելի մասն է Ղարաբաղի ազատագրական պայքարը: Մեր սերունդը կրնայ պատմութեան մէջ պարզերես դուրս գալ միայն Ղարաբաղի պայքարով: Անոր համար մենք շատ ծանր գին վճարած ենք: Մեծ յաջողութիւններ, նուաճումներ ունեցած ենք: Յաղթանակը, յաջողութիւնները կարեւոր կը նկատուին միայն այն ժամանակ, երբ դուն ընդունակ ես զանոնք պահպանելու: Եւ այս պահուն է, որ պառակտումը կրնայ մահացու ըլլալ: Պառակտումը կրնայ կործանարար ըլլալ: Բոլոր այն քայլերը, շարժումները, որոնք կրնան այդ պառակտումին նոյնիսկ տպաւորութիւնը ձգել, պէտք է բացառուին: Այսօր միասնականութիւնը ամէնէն կարեւոր օրակարգն է, որ Ղարաբաղի առջեւ դրուած է: Ներքին միասնականութիւնը` յանուն Ղարաբաղի եւ ընդդէմ ոչ ոքի», ըսած է Հրանդ Մարգարեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.