«Հպարտ հայ» երեխաները «Դէպի Արարատ լեռ» սլացան
- (0)

Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու Պատմութեան Ժամի 2026-2027 տարեշրջանի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 2026 Սեպտեմբեր 25-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-7:00, Կէօնճեան Կեդրոնին մէջ։
Այս ամսուան պատմութիւնները՝ «Դէպի Արարատ լեռ» եւ «Հպարտ հայ», ներկայացուց եւ կարդաց Սիլվի Օգճեանը։ Իր հաճելի, աշխոյժ եւ խանդավառ ոճով, ան ստեղծեց ուրախ եւ ջերմ մթնոլորտ մը, ուր բոլոր մասնակցող փոքրիկները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ հետեւեցան պատմութեան։ Ընթացքին, փոքրիկները Սիլվիին հետ միասին զրուցեցին հայութեան եւ մեր ինքութեան մասին, յիշելով եւ փոքրիկներուն սորվեցնելով նաեւ Թարգմանչաց տօնին մասին։
Ընթերցումէն ետք, յանձնախումբին առաջնորդութեամբ, փոքրիկները մասնակցեցան ձեռային աշխատանքի մը, գունաւորելով եւ զարդարելով իրենց անուններով պատրաստուած թուղթեր, որոնք նախատեսուած էին սենեակի դրան վրայ կախելու համար՝ նշելու, թէ փոքրիկը կը կարդայ, հետեւաբար այցելուները չխանգարեն զինք։
Շատ երախտապարտ ենք, որ այս հանդիպման մեծ թիւով փոքրիկներ մասնակցեցան եւ իրենց ներկայութեամբ աւելի կենդանի եւ հաճելի դարձուցին մեր հաւաքը։ Ձեր խանդավառ մասնակցութիւնը մեզի համար մեծ ուրախութիւն է։ Արդէն անհամբեր կը սպասենք մեր յաջորդ հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 30-ին։ Այսուհետեւ դուք ալ միացէք մեզի եւ եկէք միասին կարդանք, ստեղծագործենք եւ զուարճանանք։
ԱՌԼԻ ՔԵԼԼԷԵԱՆ
Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի փոքրերու պատմութեան ժամի յանձնախումբ