Հորիզոն մասնակցեցաւ Գանատայի ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Էրին Օթուլի մամլոյ ասուլիսին

Յունուար 24-ին, Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Էրին Օթուլ առցանց մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց Գանատյի յետ ընտրական իրավիճակը։

Ասուլիսի ընթացքին Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարը ներկայացուց Գանատայի տնտեսական ներկայ կացութիւնը, Ուքրանիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ կատարուող քաղաքական զարգացումները։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ Գանատայի համայնքային լրատուամիջոցներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։

Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան հրէական, աֆղանական, չինական, եգիպտական, փաքիստանեան, փորթուգալական եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու լրատուամիջոցներու խմբագիրներ եւ լրագրողներ, որոնց շարքին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.