«Հորիզոն» հարցազրոյց ունեցաւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ փրոֆ. Հենրի Թերիոյի հետ

Ապրիլ 28-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Թորոնթոյի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որուն իբրեւ գլխաւոր բանախօս ելոյթ ունեցաւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան (The International Association of Genocide Scholars) նախագահ փրոֆ. Հենրի Թերիօ։ Ան իր պատգամին մէջ հիմնականօրէն շեշտեց ցեղասպանութիւններու ուսուցման անհրաժեշտութիւնը երկրորդական վարժարաններէն ներս եւ դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը:

՚«Հորիզոն»ի Թորոնթոյի աշխատակից Սարին Փոլատեան առիթը ունեցաւ հարցազրոյց կատարելու փրոֆ. Թերիոյի հետ։ Զրոյցի ընթացքին ան յատկապէս շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան փոխհատուցման հարցը Հայաստանի եւ հայութեան անվտանգութեան եւ գոյատեւելիութեան հարցն է: Հարցազրոյցի տեսանիւթը շուտով կը հրապարակենք «Հորիզոն»ի պաշտօնական կայքէջին վրայ։

Նշենք, որ Փրոֆ. Թերիօ մասնագիտացած է յատկապէս ցեղասպանութեանց զոհերուն վնասուց հատուցում ուսումնասիրելու բնագաւառին մէջ եւ գլխաւոր հեղինակը եղած է 2015ի Մարտին հրապարակուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրման խումբի տեղեկագիրին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.