«Հորիզոն» կը մասնակցի WCIT Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին

«Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Տիանա Սքայա իբրեւ լրագրող կը մասնակցի Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին (The World Congress on Information Technology – WCIT), որ այս օրերուն կը կայանայ (6-9 հոկտեմբեր) Երեւանի մէջ եւ  կը հիւրընկալուի կառավարութեան բարձր հովանիին ներքեւ: Տիանայի հարցազրոյցներու տեսանիւթերը շուտով կը հրապարակուին «Հորիզոն»ի կայքէջով։

Յիշեցնենք, որ այս համաժողովը Տիանայի հայաստանեան երկորորդ գործուղումն է. 2018-ին Տիանան իբրեւ «Հորիզոն»ի լրագրող մասնակցած է Ֆրանսախօս երկիրներու համաժողովին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.