«Հորիզոն»ի աշխատակից Նազիկ Հանէշեան Գեմպրիճ քաղաքի Bernice Adams մրցանակի թեկնածու
«Հորիզոն»ի աշխատակից Նազիկ Հանէշեան ընտրուած է Գեմպրիճ քաղաքի Bernice Adams մրցանակի տեսողական արուեստի (visual arts) թեկնածու, 4 այլ տաղանդաւոր արուեստագէտներու կողքին: Նազիկ Հանէշեան մանկութենէն հետաքրքրուած ու զբաղած է արուեստով, եւ այդ մէկը իրեն համար դարձած է կեանքի անբաժան մասնիկ: Նազիկ կը զբաղի զարդեղէններու ձեւայղացքով, միաժամանակ Թորոնթոյի համալսարանին մէջ կը շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը կատարելագործել առեւտրական վարչագիտութեան մարզէն ներս։ Նազիկը վերջերս «Հորիզոն»ի համար հարցազրոյց մը կատարած էր Նորթ Տամֆրիզ քաղաքի հայազգի քաղաքապետ Սու Ֆոքսթըն-Սահակեանի հետ։
Նշենք, որ Bernice Adams մրցանակը հիմնուած ի յիշատակ Գեմպրիճի Քաղաքապետական խորհուրդի հանգուցեալ անդամ Bernice Adams-ի եւ կը յանձնուի քաղաքի մշակութային զարգացման գծով կարեւոր ներդում կատարած արուեստագէտներու: Այն կը շնորհուի արուեստի եւ մշակոյթի ասպարէզներէն ներս Գեմպրիճի մէջ նշանակալի աւանդ ունեցող անհատներու կամ խմբակներու՝ հետեւեալ խմբաւորումներով.
Ա.- Տեսողական արուեստ
Բ.- Կիրառական արուեստ
Գ.- Երաժշտութիւն
Դ.- Հաղորդակցական/գրական արուեստ
Մրցանքի յաղթականներու անունները պիտի յայտարարուին Սեպտեմբեր 18ին։