«Հորիզոն»ը որպէս լրատուամիջոց կը մասնակցի ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին

Հոկտեմբեր 10-12 Երեւանի մէջ պիտի կայանայ ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան՝ Ֆրանքոֆոնիի վեհաժողովը:

Վեհաժողովին կը մասնակցի «Հորիզոն»ը, որ պաշտօնապէս գրանցուած է որպէս վեհաժողովի մասնակից լրատուամիջոց։ «Հորիզոն»ի ներկայացուցիչն է՝ աւագ աշխատակից Տիանա Սքայան, որ արդէն իսկ հարցազրոյց կատարած է Գանատայի զբօսաշրջութեան նախարար եւ Ֆրանքոֆոնիի մօտ Գանատայի ներկայացուցիչ Մելանի Ժոլիի հետ։

Լրագրող, բեմագիր եւ բեմադրիչ Տիանա Սքայա կը տիրապետէ հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, լեհերէն եւ ռուսերէն լեզուներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.