Հողին եւ ժողովուրդին հաւատարիմ անկեղծ զինուորը

«Հաւատարիմ հողին ու հայուն» կարգախօսով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը մասնակցի Հայաստանի Ազգային Ժողովի արտակարգ ընտրութիւններուն։ Իր էութաբանութեան կիզակեդրոնը հանդիսացող վերոնշեալ կարգախօսին հաւատարիմ՝ ՀՅԴ-ն 128 տարուան իր ազգային առաքելութեան ընթացքին ջանք չէ խնայած գոյափոխելու հայ ժողովուրդի կենսաերթը՝ պատմական ամենէն ճգնաժամային հանգրուաններուն ընթացքին։

ՀՅԴ այս ընտրութիւններուն կը մասնակցի իբրեւ ինքնուրոյն քաղաքական օրակարգ ունեցող կուսակցութիւն եւ ինչպէս անցեալին՝ այսօր նոյնպէս պետականամէտ իր ուղղուածութեամբ կը նպատակադրէ Նոր Հայաստանի հիմքերու ամրապնդումը։

Յստակ է, որ ընկերվարական գաղափարախօսութիւն դաւանող կուսակցութեան համար, առաջնահերթ հիմնախնդիրներէն է բարձրացնել քաղաքացիներու կենսամակարդակը, պայքարիլ աղքատութեան դէմ եւ կարելի բոլոր միջոցներով արգելակել համատարած արտագաղթը։ Աւելի՛ն, կուսակցութիւնը նախընտրական իր ծրագրով հետամուտ է ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան նուիրագործման, ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան հաստատման։

ՀՅԴ յանձնառու է նաեւ ստեղծելու հայրենի հողին վրայ համագոյակից քաղաքացիներու համերաշխ հասարակութիւն, որ ազատութիւնը պիտի ունենայ բազմակարծութիւն եւ այլակարծութիւն արտայայտելու, ինչպէս նաեւ խօսքի, խղճի եւ մամուլի լիակատար ազատութեամբ օժտուելու իրաւունքը պիտի ունենայ։

Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ հայրենիքին մէջ ընկերային խորացող խնդիրներու եւ դժուարութիւններու առաջքը կարելի է առնել տնտեսական զարգացման արդիւնաւէտ ծրագիրներով եւ յատկապէս պետական լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելով գիւղացիին եւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառին։

Դաշնակցութիւնը գիտակից է, որ հայկական Սփիւռքը հզօր ներուժ է, եւ այդ անփոխարինելի ներուժը հայրենի պետութիւնը պարտաւոր է օգտագործել բազմաբեւեռ ուղղութիւններով, թէ՛ տնտեսութեան զարգացման բնագաւառէն ներս եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան դիւանագիտական ոլորտներու ծիրէն ներս։ Կուսակցութիւնը անյետաձգելի առաջադրանք կը նկատէ նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդ սերունդներու հայրենադարձութիւնը ապահովելու եւ երաշխաւորելու համար արդիւնաւէտ հայեցակարգի մը որդեգրումը։

Արցախի հիմնահարցի ծիրէն ներս, բանիւ եւ գործով պատմակշիռ եւ վճռական իր դերակատարութիւնը ունեցած Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ հայ պետականութեան գոյատեւելիութիւնը ապահովող եւ ռազմավարական պատուար հանդիսացող Արցախի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորը պէտք է դառնայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Այս անտեղիտալի հաւատքով կոփուած, ազգային գաղափարախօսութեան դաւանանքին մի՛շտ հաւատարիմ Դաշնակցութիւնը կը մասնակցի ընտրութիւններուն՝ նպատակ ունենալով ստեղծել ամուր եւ պատասխանատու պետութիւն, ուր միշտ տիրէ համընդհանուր ընկերային արդարութիւն։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.