ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Եւ Հանրապետական Կուսակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Կազմակերպութիւններու Բողոքի Ցոյցը` Արտաքին Գործոց Նախարարին Դէմ

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւնները երէկ` հինգշաբթի, 17 մարտին բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ:

Ցոյցին մասնակիցները նշած են, թէ պէտք է ըլլալ միասնական, հանրային ճնշում գործադրել այս իշխանութիւններուն վրայ` թոյլ չտալով, որ այս իշխանութիւնները ծառայեն թշնամիին, հակառակ պարագային այս բոլորին հետեւանքը պիտի ըլլայ Հայաստան պետութեան չգոյութիւնը: Անոնք իրենց հետ բերած էին պաստառներ հետեւեալ գրառումներով` «Գտի՛ր թուրքը», «Ո՛չ Հայաստանի թրքացման», «Ո՛չ Արցախի հայաթափման»:

«Այս իշխանութիւններու գործելաոճը չէ փոխուած. ինչպէս 9 նոյեմբերէն  առաջ կը յայտարարէին, որ որեւէ բան ժողովուրդի թիկունքին պիտի չըլլայ, այսօր նոյն ձեւով ժողովուրդի թիկունքին կ՛ընթանան բանակցութիւններ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ թշնամական հանրապետութիւններուն հետ». յայտարարեց ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան:

Ցոյցին մասնակիցները արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի մօտերէն երթով շարժեցան կառավարութեան շէնք` կառավարութեան ղեկավարին անգամ մը եւս յայտնելու, որ ան հայ ժողովուրդէն նոր զիջումներու եւ կորուստներու ոչ մէկ լիազօրութիւն ունի:

Երթի մասնակիցները կը վանկարկէին` «Առանց թուրքի Հայաստան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան» :

Նշենք, որ կառավարութեան շէնքին դիմաց բազմաթիւ ոստիկաններ կային, անոնք քանի մը շարք պատ կազմելով փակած էին կառավարութեան շէնքին մուտքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.