ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներու ամփոփագիր (Յունուար 2023)

Կեդրոնական խորհուրդ

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան Յունուար 19-ին հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Ղազարեանի հետ եւ վերջինիս փոխանցած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Փասատենայի տեղական ենթայանձնախումբին կողմէ ուղարկուած Փասատենայի քաղաքապետ Վիքթոր Գորտոյի Արցախի ժողովուրդին եւ անոր պայքարին զօրակցութեան յայտարարութիւնը։ 2022 Դեկտեմբեր 22-ի յայտարարութեամբ քաղաքապետը կ’անդրադառնայ 2020 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմին, Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման, զարգացող մարդասիրական ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ Փասատենայի հայ համայնքին՝ Ցեղասպանութեան զոհերու սերունդները ըլլալու հանգամանքին։

Գանատա

ՀՅԴ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբին տեւական աշխատանքներուն որպէս արդիւնք Յունուար 25-ին Գանատայի Համանյքների պալատի արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային զարգացման մշտական յանձնաժողովը գումարած է երկու առանձին նիստեր։

Նիստերը գումարուած են համաձայն յանձնաժողովին կողմէ նախորդ շաբաթ միաձայն ընդունուած որոշման, որուն նախագիծը ներկայացուած էր «Քեպէգի պլոկ» խմբակցութեան անդամ Սթեֆան Պերժերոնի կողմէ, որ պահանջած էր նուազագոյնը երեք հանդիպում, որոնց ընթացքին յանձնաժողովի անդամները հնարաւորութիւն կ’ունենան լսելու Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող անձանց, ինչպէս նաեւ փորձագէտներու եւ գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներու։

Գանատական խորհրդարանին մէջ կայացած նիստերուն բացառիկ բնոյթն ու պատմականութիւնը անով է, որ առաջին անգամ Արցախի Հանրապետութեան պետական ներկայացուցիչները հանդէս եկան գանատական խորհրդարանին առջեւ եւ ներկայացուցին Արցախի բնակչութեան պայքարը յանուն արժանապատիւ կեանքի։ Առաջին հանդիպման մասնակցած են ՀՅԴ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեանը, դոկտոր Թալին Փափազեանը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Գանատայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը եւ Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։ Երկրորդ հանդիպման մասնակցած են «Միջազգային ճգնաժամային խումբի» Հարաւային Կովկասի հարցերով աւագ վերլուծաբան Օլեսիա Վարդանեան եւ Ուինծըրի համալսարանի իրաւունքի փրոֆեսոր Քրիստոֆըր Ուոթերսը։

Հրաւիրեալները, իւրաքանչիւրը իր կարգին, հանգամանօրէն անդրադարձած են ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Շեշտուած է Գանատայի կողմէ Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշման իրականացումը, որպէսզի վերջինս վերջ տայ իր ցեղասպան քաղաքականութեան։

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները յանձնաժողովի անդամներուն ներկայացուցած են իրական փաստեր՝ կապուած մարդասիրական ծանր հետեւանքներու եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական յարձակողական հետեւանքներուն հետ, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան առաջնահերթութիւններն ու ազատ ու անկախ կեանքի տեսլականը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

ԱՄՆ սենատորներ Պոպ Մենենտեսը եւ Ճէք Ռիդը՝ համապատասխանաբար Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու ռազմական հարցերու յանձնաժողովներու նախագահները, Յունուար 13-ին կոչ ուղղած են Պայտընի վարչակազմին հրատապ օգնութիւն ուղարկել Արցախ եւ ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ՝ վերացնելու իրենց հայրենիքին մէջ 120․000 հայերու շրջափակումը։

ԱՄՆ Գոնկրեսի հայկական խումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Գուս Բիլիրակիսը, Ադամ Շիֆը, Դաւիթ Վալադաոն եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի աւագ անդամ Բրեդ Շերմանը Յունուար 28-ին շրջանառութեան մէջ դրած են երկկուսակցական բանաձեւի նախագիծ՝ նպատակ ունենալով վերջ տալ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։ Բացի Ատրպէյճանի գործողութիւնները խստօրէն դատապարտելէն, բանաձեւի նախագիծը նաեւ կը նախանշէ որոշակի գործողութիւններու շրջանակ, զորս Միացեալ Նահանգները կրնայ ձեռնարկել՝ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու համար։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի առաջնորդութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ ձեւաւորուած է «Save Karabakh» կոալիցիան։ Այս նախաձեռնութիւնը յաջորդած է ԱՄՆ-ի Գոնկրեսին մէջ Արցախի շրջափակման ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը դատապարտող երկկուսակցական բանաձեւի շրջանառութեան մէջ դնելուն: Յիշեալ կոալիցիային մասին յայտարարութիւնը կատարուած է Յունուար 27-ին Կապիտոլիումի վեհաժողովին տեղի ունեցած ասուլիսին ժամանակ։ Ասուլիսին մասնակցած են ԱՄՆ կրօնական ազատութեան հարցերով նախկին դեսպան, սենատոր Սեմ Բրաունբեքը, ԱՄՆ-ում Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, Հայ Դատի յաձնախումբի ներկայացուցիչներ։ Մասնակցած են նաեւ կոալիցիոն կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ` մասնաւորապէս «Միջազգային եւ կառավարական հարցերով անգլիական գրասենեակէն», պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի կողմէ հիմնադրուած «ՀԱՐԹ կազմապերպութենէն», «Խոցելի ժողովուրդներու նախագիծէն», «Genocide watch»-էն, «Հունա-ամերիկեան առաջնորդութեան խորհրդէն», «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» եւ այլ կազմակերպութիւններէ։ Կոալիցիային միացած կազմակերպութիւններուն ընդհանուր թիւը քսան է։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի արագ արձագանգման համակարգի միջոցով նախագահ Պայտընին, փոխնախագահ Քամալա Հարիսին, USAID-ի ղեկավար Սամանտա Փաուերին, եւ ԱՄՆ Սենատի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի երկկուսակցական ղեկավարութեան ուղարկուած է աւելի քան 250.000 հաղորդագրութիւն, որոնց մէջ կը պահանջուի ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը Արցախի շրջափակման յաղթահարման գործին մէջ:

Եւրոպա

Յունուար 16-ի երեկոյեան գումարուած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու առցանց խորհրդակցական ժողով, որուն ընթացքին քննարկուած է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն եւ Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներու ներկայ փուլը՝ պայմանաւորուած Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի պարտադրուած ամբողջական շրջափակմամբ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են յանձնախումբերու աշխատանքը Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային իրավիճակին եւ Ատրպէյճանի էթնիկ զտումներ հետապնդող քաղաքականութեան վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման ուղղութեամբ։ շեշտուած են Արցախի համար միջազգային զօրակցութեան ապահովման ու Ատրպէյճանի նկատմամբ միջազգային ճնշումներուն զարկ տալուն միտուած աշխատանքները։

2023 Յունուար 19-ին Եւրոպական Խորհրդարանը իր լիագումար նիստին ընթացքին ընդունած է «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման անմարդկային հետեւանքները» բանաձեւ, որով խորհրդարանը արձանագրած է շրջափակման արդիւնքով Արցախի մէջ ստեղծուած անմարդկային հետեւանքերը։ Եւրոպական Խորհրդարանը Ատրպէյճանիը կը յորդորէ յարգել եւ իրականացնել 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը։

Յունուար 31-ին Պելճիքայի Դաշնային Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձաժողովը միաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւով դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի արգելափակումը եւ կոչ ուղղած անյապաղ բանալ միջանցքը:

Աւստրալիա

Աւստրալիական Ուիլապիի եւ Ռայտի քաղաքապետներ Տանէա Թէյլոր եւ Սարգիս Ետելեան Յունուար 12-ին կոչով դիմած են արտաքին գործերու նախարար Փեննի Վոնկին՝ Ատրպէյճանէն պահանջելու ապաշրջափակել Բերձորի մարդասիրական միջանցքը։

Մեծն Բրիտանիա

Հայ Դատի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբին կողմէ՝ բրիտանական հասարակական քաղաքական շրջանակներուն մէջ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան մասին բարձրաձայնման եւ բրիտանական կառավարութեան գործնական քայլերու դրդելու ուղղութեամբ տարուած են էական աշխատանքներ։ Անոնց արդիւնքով բազմաթիւ խորհրդարանականներ հանդէս եկած են Արցախի սատարող եւ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող յայտարարութիւններով, դիմած են կառավարութեան՝ գործադրելու գործնական քայլեր։

Տարբեր առիթներով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած են պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, Թիմ Լոթն, Լորդ Ալթոն, Լորդ ՄաքՔոլնէս, Սթեֆան Դոթի, Քրիս Լօ, Ալեքս Սոբել, Ճեսիքա Մորդէն, Ֆիոնա Բրիւսը, Քովենթրիի եպիսկոպոս Ռոման Ուիլիըմզ եւ այլոք։

Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիայի յանձնախումբին փոխանցմամբ՝ Յունուար 24-ին Արցախի անօրինական շրջափակման հարցով Վեսթմիսթերեան պալատում տեղի ունեցած խորհրդարանական քննարկման արդիւնքում Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին քարտուղարի ներկայացուցիչ Տէյվիտ Ռութլին յայտնած է, որ կառավարական ֆինանսաւորմամբ գործող «The Start Fund» ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը 350․000 ֆունտ ստերլինգ յատկացուցած է Լաչինի միջանցքի փակումէն տուժածներու համար։ Խորհրդարանական յիշեալ քննարկման ընթացքին, որուն մասնակցած էր նաեւ Հայ Դատի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբի նախագահ Անէթ Մոսկոֆեան, ելոյթ ունեցած էին, ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտեր եւ բրիտանական կառավարութենէն որոշակի գործողութիւններ պահանջեր առաւել քան մէկ տասնեակ օրէնսդիրներ։ Անոնք բրիտանական կառավարութենէն, ի թիւս այլնի, պահանջած էին մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել Արցախի, որուն ի պատասխան արտաքին քարտուղարի ներկայացուցիչը յայտարարած էր սոյն յատկացման մասին։

Հայ Դատի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբը, որ տեւական աշխատանք տարած էր Յունուար 24-ի քննարկումը հնարաւոր դարձնելու համար, շարունակում է բրիտանական հասարակական-քաղաքական շրջանակներու հետ աշխատանքները՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին հանրահռչակման եւ բրիտանական պետութեան կողմէ Ատրպէյճանի վրայ ճնշումներու հասնելու համար։

Հարաւային Ամերիկա

ՀՅԴ Հայ Դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբը Յունուար 26-ին հանդիպում ունեցած է Արժանթինի արտաքին գործերու նախարար Սանտիակօ Կաֆիերոյի հետ եւ ներկայացուցած ատրպէյճանական յանցագործ քաղաքականութեան պատճառաւ Արցախի մէջ ստեղծուած անմարդկային իրավիճակը։ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուները Արժանթինի կառավարութենէն զօրակցութիւն եւ ճանապարհի ապաշրջափակման պահանջ կ’ակնկալեն։ Հանդիպման արժանթինական կողմէն նաեւ մասնակցած են արտաքին քաղաքականութեան փոխքարտուղար, դեսպան Գլաուտիօ Ռոզենցվայգ եւ եւրոպական հարցերով նախարար Բաուլօ Պինէյրօ։

Կիպրոս

ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Ղազանչեան եւ Կիպրոսի մէջ Արցախի բարեկամներու խումբի անդամ, Կիպրոսի բանասէրներու միութեան նախագահ Կիրիակոս Պարրիսը Յունուար 28-ին միացած են Լիմասոլի հայ համայնքին կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի ժողովուրդին։ Ղազանչեան, Պարրիս եւ տեղի դաշնակցական կառոյցին կողմէ Թորոս Փիլիպոսեան հանդէս եկած են ելոյթներով։ Այս ցոյցը Լիմասոլի հայ համայնքի պատմութեան մէջ առաջին բողոքի գործողութիւնն էր։

Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կը շարունակեն ամբողջ աշխարհի մէջ իրականացնել հայութեան շահերու պաշտպանութեան աշխատանքներ՝ օգտագործելով լոպպիստական գործունէութեան համալիր կազմեր։ Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանաթրքական յարձակողականութիւնը դատապարտելու, Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնմանը նպաստելու, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափը վերականգնելու, գերիներու վերադարձի, արտասահմանեան լրատուամիջոցներուն առարկայական տեղեկատուութեամբ ապահովելու ուղղութեամբ կը կատարուին մեծածաւալ աշխատանքներ։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ տարբեր երկիրներու մէջ ներքաղաքական քննարկումներ, խորհրդարանական լսումներ իրականացնելու վրայ, որոնք յաճախ կը յանգին յստակ բանաձեւերու ընդունման։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

01.02.2023

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.