ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի յայտարարութիւնը
- (0)

Սփիւռքի եւ համահայկական կառոյցներու դէմ նոր-բոլշեւիկեան արշաւի սաստկացում
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը ստանձնած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը շարունակէ ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու խախտումով ազգային արժէքները թիրախաւորել, ներազգային պառակտումը խորացնել եւ իր ապազգային քաղաքականութիւնը սաստկացնել, որ առարկայօրէն կը ծառայէ թշնամի երկիրներուն ծրագիրներուն։
2026-ի ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն առիթով իր որդեգրած նախընտրական ծրագիրէն մինչեւ ՀՀ Ազգային ժողովին ներկայացուած իր 2026-2031 թուականներու ծրագիրը, եւ այդ միջոցին իր տարբեր ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններով, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ՀՀ իշխանութիւնը, այս պարագային ինքն իրեն, կը նոյնականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ճիշտ այնպէս ինչպէս ժամանակին բոլշեւիկները կ՚ընէին։ Անտեսելով այն փաստը, որ խնդրայարոյց վերջին ընտրութիւններուն, քուէարկութեան մասնակցած ՀՀ քաղաքացիներուն կէսէն աւելի իր դէմ քուէարկած է, ՔՊԿ-ն կը յամառի յայտարարել, որ «եթէ մեզի հետ չէք՝ ուրեմն Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ էք» եւ կը շարունակէ շարժիլ այդ տրամաբանութեամբ։
Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, շատ արագ, ՔՊԿ-ն սահմանափակեց ՀՀ քուէարկողներու իրաւունքները։
Ապա նոյն բոլշեւիկեան ոճով կրկնեց, որ սփիւռքի մէջ կան «հակապետական» եւ «պետականամէտ» շրջանակներ։
Կառավարութեան 2026-2031 ծրագիրին մէջ ներառեց ազգութեամբ հայերու ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը դժուարացնելու եւ «Հայաստանյայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու փաստացի պետի հեռացում»ի նպատակները։
«Իրական Հայաստան»ի «գաղափարախօսութեան» հիման վրայ եւ սխալ գնահատումով, նաեւ զիրար հակադրեց հայրենիքի եւ սփիւռքի հզօրացումը։
Վերջին շաբաթներուն, ընդհանրապէս սփիւռքը եւ յատկապէս Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի համակարգը թիրախաւորելը ՔՊԿ-ական ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ ակամայ խոստովանութիւն է, որ այդ համակարգը արդիւնաւէտ ձեւով կը գործէ եւ իր օրակարգը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Այս արդիւնաւէտութենէն դժգոհ եղած են եւ կը շարունակեն դժգոհիլ նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապեպութեան անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիք հանդիսացող Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը։ ՔՊ կուսակցութիւնը, ըստ երեւոյթին, որոշած է այս պարագային եւս ձայնակցիլ այդ երկուքին։
ՔՊ կուսակցութեան իշխանութիւնը, նոր-բոշեւիկեան ոճով, մէկ կողմէ կը պնդէ, որ ինք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու շահերը պաշտպանելու առաքելութիւն ունի, միաժամանակ պահանջելով, որ ամբողջ աշխարհասփիւռ ազգը հետեւի իր քաղաքական ուղեգիծին։
Խեղաթիւրումները դադրեցնելու յաւելեալ ճիգով՝ արձանագրենք Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի համակարգին առաջնահերթութիւնները.
Ա) Արցախի եւ արցախցիներու բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութիւն, իր բոլոր ստորոգելիներով, Ազրպէյճանի յանցագործութիւնները պատժելէն մինչեւ վերադարձի իրաւունք եւ ինքնորոշում.
Բ) Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդումին աջակցութիւն.
Գ) Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, դատապարտում եւ հատուցումներ.
Դ) Երիտասարդներու պտրաստութիւն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ Հայ Դատի համար պայքարին։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի համակարգը իր վերոյիշեալ նպատակնեսուն համար կրնայ պարբերաբար փոխել շեշտադրումները, պատշաճեցնել մարտավարութիւնը պահի պայմաններուն համապատասխան, բայց միշտ նոյն վճռակամութեամբ եւ հետեւողականութեամբ պիտի շարունակէ պայքարը։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
27 օգոստոս 2026