ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչը Ֆրեզնօ Եւ Սան Ֆրանսիսքօ Այցելեց

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ այցելող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 30 եւ 31 Յունուարին հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրեզնոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի եւ կուսակցական ներկայացուցիչներուն հետ, տեղեկութիւններ փոխանցելով Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կուսակցութեան գործունէութեան մասին, նոյն ժամանակ մօտէն ծանօթանալով շրջաններու համայնքներուն կեանքին։

Սաղաթէլեան 30 Յունուարին ժամանեց Ֆրեզնօ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Գօգօ Թօփալեանի ընկերակցութեամբ, դիմաւորուելով ՀՅԴի Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ատենապետ Րաֆֆի Շխրտմեանի կողմէ։ Անոնք միասնաբար այցելեցին քաղաքին «Մասիս-Արարատ» հայկական գերեզմանատունը, եւ հայրենի հիւրը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանին, անոր յուշարձանին առջեւ, ապա այցելեց Ուիլեըմ Սարոյեանի գերեզմանը, որմէ ետք՝ Ֆրեզնոյի քաղաքամէջը գտնուող Սարոյեանի անուան թատերասրահը։

Երեկոյեան, Սաղաթէլեան հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներուն հետ, անոնց ներկայացնելով կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ եւ պատասխանելով անոնց հարցումներուն։ Այս հաւաքին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Կարօ Մատէնլեան եւ Հրայր Կարապետեան։

31 Յունուարին, Սաղաթէլեան մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռոստոմ Այնթէպլեանի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» եւ Սան Հոզէի «Սարդարապատ» կոմիտէներու ատենապետներ՝ Խաչիկ Թազեանի եւ Մարալ Պուրսալեանի կողմէ։

Ապա, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան անդամներուն հետ Սաղաթէլեանի հանդիպումը, երբ նոյնպէս տեղի ունեցաւ տեղեկութեանց փոխանցում, որմէ ետք՝ խորհրդակցութիւն։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.