ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ճամբարի վարիչները պատրաստ են 2019-ի առաքելութեան

9 տարիէ ի վեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը պատանեկան ճամբար կը կազմակերպէ Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքին մէջ: Այս ճամբարներուն ծրագիրները կ’ընդգրկեն հայ ժողովուրդի, Դաշնակցութեան, Հայ Դատի, Արցախի Ազատագրական Պայքարի պատմութեան, հայրենասիրական երգերու ուսուցում, անգլերէնի եւ համակարգիչի դասընթացքներ, մարմնակրթական եւ ուսուցողական խաղեր:

Այս տարի Վանաձորի ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 29-էն Օգոստոս 9: Որպէս վարիչ ճամբարին կը մասնակցին Գանատայի Երիտասարդական Միութենէն 18 անդամներ, որոնք հայրենի նորահաս սերունդը ազգային գաղափարախօսութեամբ թրծելու յանձնառութիւնը ստանձնած՝ կը մեկնին դէպի հայրենիք: Միեւնոյն ժամանակ, այս ճամբարները նոր մտահորիզոններ ու աշխարհայեացքներ կ՚ընձեռեն գործուղղուած երիտասարդ վարիչներուն, որոնք մասնակից դառնալով ճամբարային ծրագիրներուն՝ կ՚ամրագրեն ոգեղէն կապը հայրենի հողին հետ։

9 տարուան ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդականի անդամ հարիւր պատասխանատու-վարիչներ գործուղուած են Լոռիի մարզ եւ նոյն այդ ժամանակահատուածին երկու հազար երեխաներ մասնակից դարձած են ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ամառնային ճամաբարի ծրագիրներուն։

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ճամբարի վարիչները պատրաստ են 2019-ի առաքելութեան

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ճամբարի վարիչները պատրաստ են 2019-ի առաքելութեան

Posted by Horizon Weekly on Friday, July 5, 2019

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.