ՀՅԴ ԳԵՄ-ի հովանաւորութեամբ Կապանի մէջ մեկնարկած է «Քրիստափոր Արթին» ամառնային ճամբարը

ԿԱՊԱՆ — ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան հովանաւորութեամբ, յուլիս 27-ին Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքին մէջ մեկնարկած է ՀՅԴ Հայաստանի Պատանեկան Միութեան՝ Քրիստափոր Արթինի յիշատակին նուիրուած անդրանիկ ամառնային ճամբարը։ Հնգօրեայ ճամբարը պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիս 31 եւ կը համախմբէ 2011-2016 թուականներուն ծնած շուրջ 100 պատանիներ։

Կապանի մէջ ճամբար մը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը ներկայացուած է ՀՅԴ Հայաստանի Պատանեկան Միութեան Վարիչ Մարմինին կողմէ՝ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան։ Առաջարկին մէջ շեշտուած են ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ Սիւնիքի ունեցած ռազմավարական նշանակութիւնը, Կապանի պատանեկան աճող ներուժը, ինչպէս նաեւ ճամբարը ապագային շրջանին մէջ պատանեկան կազմակերպութիւն մը հիմնելու մեկնակէտ դարձնելու կարելիութիւնը։

Առաջարկը ստանալէ ետք, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը անմիջապէս յանձնառու դարձած է ծրագիրը կեանքի կոչելու աշխատանքին։ Կազմակերպչական աշխատանքները ներառած են ճամբարի ընդհանուր տեսլականի եւ կառուցուածքի մշակումը, պաշտօնական անուան ընտրութիւնը, տարբերանշանի ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական ու գործնական մանրամասնութիւններու համակարգումը։

Ճամբարի ծրագրին մաս կը կազմեն հայկական աւանդական ժողովրդական երգերու եւ պարերու ուսուցում, գործնական աշխատանոցներ, մտային ու խմբային խաղեր, մարզական մրցումներ եւ տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնք նպատակ ունին զարգացնելու պատանիներուն անհատական կարողութիւնները, առաջնորդութեան ոգին, խմբային աշխատանքի հմտութիւնները եւ հայկական մշակոյթին ու ազգային ինքնութեան հետ անոնց կապը։

«Քրիստափոր Արթին» ամառնային ճամբարը կարեւոր ներդրում մըն է Կապանի եւ ընդհանրապէս Սիւնիքի պատանիներուն ի սպաս տարուող աշխատանքներուն մէջ։ Ամառնային յիշարժան փորձառութիւն մը ապահովելէ անդին՝ նախաձեռնութիւնը կը ձգտի ամրապնդելու համայնքային կապերը եւ հիմք ստեղծելու շրջանին մէջ ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան տեղական կառոյցի մը ապագայ կազմաւորման համար։

Անդրանիկ ճամբարը ՀՅԴ Հայաստանի Պատանեկան Միութեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան համատեղ աշխատանքի արդիւնքն է՝ Սիւնիքի նոր սերունդին ազգային, մշակութային եւ կազմակերպական դաստիարակութեան աջակցելու նպատակով։

Ճամբարը կը կրէ գանատահայ հայրենադարձ, ՀՅԴ անդամ եւ արցախաեան ազատամարտի հերոս նահատակ Քրիստափոր Արթինի անունը, որ 2020-ի Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուեցաւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար։