ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի հաղորդագրութիւն

Մայիսեան, Փետրուարեան եւ Արցախեան

Դաշնակցական Պատանիին համար անհրաժեշտութիւն է իմանալ իր ժողովուրդի անցեալը, որովհետեւ, ներկայ իրադրութիւններու նորովի ընկալման համար, յաճախ պէտք է դիմել անցեալին: Արցախեան հիմնահարցը ներկան է, սակայն անոր արմատները կու գան անցեալէն՝ Մայիս 1918էն եւ Փետրուար 1921էն:

1920ի վերջերուն, Հայաստանի անկախ հանրապետութեան փոթորկալի երկուքուկէս տարիները անբարենպաստ զարգացումներու հասան: Անկախ Հայաստանի կառավարութիւնը, որ Դաշնակցութեան կողմէ կը ղեկավարուէր, իբրեւ չարեաց փոքրագոյն՝ երկիրը մեծ ցնցումներէ եւ մարդկային կորուստներէ փրկելու նպատակով, իշխանութիւնը խաղաղ կերպով փոխանցեց Խորհրդային Միութեան: Բայց խոստումնադրուժ այդ միութիւնը ձեռնարկեց նախկին իշխանութեան ղեկավարներու հետապնդման, ձերբակալութիւններու եւ հակադաշնակցական քարոզչութեան, ինչ որ ժողովուրդը մղեց ապստամբութեան: Եւ Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս ստանձնեց ղեկավարի դերը եւ հանդէս եկաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ՝ ազգային միասնութեան եւ ազատութեան գաղափարներ մարմնաւորողի դերով: Արցախեան գոյամարտն ալ խորհուրդ մը կը ներառէ Փետրուարեան ապստամբութեան ոգիէն: Երկուքն ալ ընդվզումն էին նոյն վարչակարգին դէմ որոնք գացին դէպի զինեալ շարժում: Երկուքն ալ աւարտեցան հայկական հպարտալի յաղթանակով:

Տարին կը յատկանշուի մեր նորօրեայ պատմութեան ամէնապանծալի յաղթանակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակի յոբելեանով: Այս տարի հպարտութեամբ կը տօնենք նաեւ Արցախեան ազատամարտի 30-ամեակը:

Գանատայի Պատանեկան Միութիւնները իրենց հերթական ժողովներու ընթացքին մօտէն կը ծանօթանան մեր ժողովուրդի անցեալին՝ պատմութեան տարբեր զարգացումներուն, եւ յատկապէս Մայիսեան, Փետրուարեան ու Արցախեան շարժումներուն: Կը զինուին Մայիսեան, Փետրուարեան եւ Արցախեան հերոսամարտերու ոգիով եւ այդ պատճառով ալ, իւրաքանչիւր տարուան փետրուարէն ապրիլ երկարող ժամանակահատուածին, կը մասնակցին եւ կը կազմակերպեն Մայիսեան Հերոսամարտերուն, Փետրուարեան Ապստամբութեան եւ Արցախեան Գոյամարտի Սկզբնաւորման նուիրուած ձեռնարկներ, որոնք մեր մամուլով կը ծանուցուին ու կը պատրաստուին Մայիսեան Հարիւրամեակի նուիրուած տարեկան սեմինարին՝ Մայիս 11-13:

Մեր «ապստամբութիւնները» սակայն չենք տօնակատարեր միայն տարին անգամ մը: Մեր պատանիները կը դաստիարակուին այնպէս, որ՝

«Ապստամբին» համաշխարհայնացման եւ օտարամոլութեան վտանգին դէմ:

«Ապստամբին» հսկայական հակահայ թրքական եւ ազերիական քարոզչութեան դէմ, մանաւանդ հիւսիսային ամերիկայի մէջ:

«Ապստամբին» Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործունէութիւնը քննադատող ու անոր դէմ քար դնողներուն դէմ:

«Ապստամբին» Հայօրէն:

«Ապստամբին» Դաշնակցականօրէն:

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմին

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.