ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան անդամները մասնակցեցան 2026-ի Հայաստանագնացութեան

ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 5-18, ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան 29 անդամներ, վեց վարիչ-պատասխանատուներու եւ խումբի ընդհանուր պատասխանատու՝ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Նորա Արուշեանի ընկերակցութեամբ, մասնակցեցան 2026-ի Հայաստանագնացութեան ծրագրին։ 14-16 տարեկան պատանիները կը ներկայացնէին Թորոնթոյի եւ Քէպէքի շրջանները։

Ճամբորդութեան նախօրեակին պատանիներուն ուղեւորութիւնը օրհնեցին Թորոնթոյի հոգեւոր հովիւը, Հայր Յակոբ վրդ. Եագուպեանը եւ Լաւալի հոգեւոր հովիւ Տէր Յակոբ քհնյ. Գեադայեանը։

Հայաստան կեցութեան ընթացքին պատանիները այցելեցին Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու պատմական, ազգային ու մշակութային վայրերը, ներառեալ՝ Եռաբլուր, Ծիծեռնակաբերդ, Սարդարապատ, Էջմիածին, Գեղարդ, Գառնի, Խոր Վիրապ, Տաթեւ, Գիւմրի, Դիլիջան, Հաղարծին եւ Սեւան։

Եռաբլուրի մէջ խումբը յատուկ յարգանքի տուրք մատուցեց նահատակ Քրիստափոր Արթինի շիրիմին, իսկ Պռոշեանի մէջ այցելեց զոհուած դաշնակցականներու գերեզմանները։ Պատանիները այցելեցին նաեւ Դրաստամատ Կանայեանի շիրիմը եւ հանդիպում ունեցան ազգային գործիչներու ու ազատամարտիկներու հետ։

Թաթուլ Կրպէյեանի անուան այգիին մէջ պատանիները հանդիպեցան հերոսի այրիին՝ Իրինա Բարսեղեան-Կրպէյեանին, որ ներկայացուց իր ամուսնոյն կեանքն ու պայքարը։ Խումբը այցելեց նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երեւանի կեդրոնական գրասենեակն ու թանգարանը եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանի հետ։

Ծրագրին մաս կազմեցին նաեւ խաչքարի քանդակագործութեան վարպետաց դաս, «Բերդ» պարային համոյթի ելոյթ, Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն եւ Արամ Մանուկեան երիտասարդական կեդրոն այցելութիւնները։ Վերջինիս մէջ գանատահայ պատանիները հանդիպեցան Հայաստանի պատանեկան միութիւններու անդամներուն՝ մասնակցելով ծանօթացման, խաղերու, երգի եւ պարի միացեալ ձեռնարկի մը։

Հայաստանագնացութիւնը պատանիներուն առիթ ընծայեց մօտէն ծանօթանալու հայրենիքի պատմութեան, մշակոյթին ու ազգային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու իրենց կապը Հայաստանի եւ հայութեան հետ։