ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի Դամբանական` Ընկհ. Մարալ Մինասեան-Քիւալլահեանի յիշատակին
- (0)

Ստորեւ կը ներկայացնենք 9 Հոկտեմբեր 2026-ին, Վանգուվըրի մէջ, հանգուցեալ ընկհ. Մարալ Մինասեան-Քիւլլահեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին անունով արտասանուած դամբանականը։
Սիրելի սգակիր հարազատներ եւ ընկերներ,
Անողոք հիւանդութեան մը հետեւանքով, անցեալ շաբաթ, մեզմէ բաժնուեցաւ ընկերուհի Մարալը, եւ իր մեկնումով, բոլորս մատնեց խոր սուգի։
Անհաւատալի է այսօր կարդալ այս խօսքերը ընկերուհիի մը մասին, որուն աննկուն կամքը, բարձր եւ ուրախ ոգին, քաղցր ժպիտը եւ խրախուսիչ խօսքերը մեզի հաւաստիացուցած էին որ ինք երբեք չի բաժնուիր մեզմէ:
Ընկերուհի Մարալին կորուստը պատճառ դարձաւ, որ անդրադառնանք, թէ մեր կողքին տարիներ շարունակ ունէինք բարեկամ մը, ընկեր մը, «մամա» մը, հարազատ մը, որ թէեւ սպասելի բայց շատ յապճէպօրէն հրաժեշտ կու տայ մեզի, մինչդեռ մենք կը կարծէինք, որ վերջնական բաժանումի պահը դեռ հեռու է։
Թարգմանը հանդիսանալով ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի զգացումներուն՝ կը հաստատեմ, որ մեր շրջանը կորսնցուց կուսակցութեան գաղափարական հաւատամքին ու քաղաքական ուղիին հաւատարիմ ու ջատագովը հանդիսացող ուղղամիտ կուսակցական մը:
Ընկերուհի Մարալը իր կուսակցական երթը սկսաւ Հալէպի մէջ 1987 թուականին եւ նոյն թափով շարունակեց Վանքուվըրի մէջ։ Իր համեստ նկարագիրով՝ ընկերուհի Մարալ հնազանդօրէն ստանձնեց եւ յաջողութեամբ պսակեց իրեն վստահուած իւրաքանչիւր պարտականութիւն՝ Հայ օգնութեան միութեան մէջ, եկեղեցւոյ եւ «Արազ» Շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ, Գանատայի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին, ՀՅԴ Ս. Վրացեան կոմիտէին եւ, վերջապէս, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին մէջ։ Օգտագործելով իր մանկավարժական եւ ուսուցչական հմտութիւնները, ընկերուհի Մարալը նաեւ մարզեց ու դաստիարակեց սերունդ մը, որ այսօր իր կարգին պատրաստ է ստանձնելու պատասխանատու պաշտօններ եւ շարունակելու այն գործը, որուն ինք տարիներ շարունակ ծառայեց։
Ամենայն վստահութեամբ կը հաստատենք, որ ան եղաւ Վանքուվըրի այն լուռ ղեկավարներէն, որ շատ գործեց, շատ բան հիմնեց, բայց երբեք չխօսեցաւ իր կատարած աշխատանքին մասին եւ չպարծեցաւ։ Ան Դաշնակցականի կեանք մը ապրեցաւ՝ նուիրումով, համեստութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ։
Մեր խօսքը պարզապէս յետ մահու գնահատական մըն է հաւատարիմ դաշնակցական, պարզ ու համեստ, խոնարհ ընկերուհիի մը մասին, որ այսօր կը յուղարկաւորուի այս աշխարհէն միանալու իր գաղափարակից ընկերներուն:
Յանուն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ շարքային կուսակցական ընկերներուն, նախ եւ առաջ, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր ամուսնոյն, զաւակներուն եւ քրոջ ու եղբօր, ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն:
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք նաեւ մեր բոլոր ընկերներուն ու համակիրներուն, որոնք մօտէն ծանօթացած, յարաբերած ու գործակցած են ընկերուհի Մարալին հետ:
Երթդ բարի ընկերուհի Մարալ:
Հոգիիդ ճախրանքը յաւերժանայ, ընկերուհի:
Ժողովներուն` բացակայութիւնդ ծանր կը ճնշէ։
Այո’, յոյսդ մենք ենք, կը շարունակենք մեր վեհ գործը:
Արդէն կարօտցած ենք: