ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 2019-2020 տարեշրջանի միջ-վարչական խորհրդակցական ժողով եւ նորագիր անդամներու դաստիարակչական սեմինար

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 2019-2020 տարեշրջանի միջ-վարչական խորհրդակցական ժողովն ու նորագիր անդամներու դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 23-24 շաբաթավերջի ընթացքին, Լաւալի Հայ կեդրոնէն ներս, շրջանիս «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն հիւրընկալութեամբ։

Սոյն սեմինար-ժողովին մասնակցեցան Վանգուվըրէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Օթթաուայէն եւ Արեւելեան Ամերիկայէն ժամանած վարչական կազմերն ու յանձնախումբերու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ դաշնակցական նորագիր երիտասարդներու մեծաթիւ փաղանգ մը, որոնց ընդահանուր թիւը կը հասնէր մօտ 130 անդամի։

Երկու օրուան վրայ երկարող սեմինարի աշխատանքները մեկնարկուեցան Շաբաթ առաւօտեան, ուր նորագիրներն ու վարչական պատասխանատուները միատեղ ունկնդրեցին դասախօսութիւն մը՝ Գանատայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին։ Ապա, վարչականներն ու նորագիրները բաժնուելով զատ խմբակներու հետեւեցան իւրաքանչիւրին յատուկ օրակարգերուն։ Մինչ վարչական կազմերն ու յանձնախումբերը ներկայացուցին իրենց տարեկան ծրագիրներն ու հետեւեցան կարգ մը գործնական աշխատանքներու վերաբերող դասախօսութեանց, նորագիր անդամները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու պատմութեան, ծրագրին եւ կանոնագրին, ԳԵՄ-ի առաքելութեան, ներկայիս Հայաստանի մէջ քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ յառաջիկային Դաշնակցութեան ստանձնելիք դերին մասին: Ժողովին աւարտին փոքր մասնաճիւղերուն իրավիճակն ու կարգ մը հարցերու առնչութեամբ լուծումներ քննարկուեցան:

ՀՅԴ Գանատաայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.