ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան Պաշտօնական Արարողութիւն` Ստեփանակերտի Մէջ

Երէկ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, պաշտօնական արարողութեամբ մը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 111-րդ մասնաճիւղին հիմնադրութիւնը` հայրենի աշխարհի պատմական ու հերոսական շրջանին մէջ:

Արարողութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ հիւրեր եւ հրաւիրեալներ: ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան:

Նորաստեղծ մասնաճիւղին հրաւէրով, պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի քոյր շրջանի սկաուտական մէկ պատուիրակութիւնը` սկաուտական շեփորախումբի ընկերակցութեամբ:

Բացումը Եւ Պարգեւ Սրբազանի Ողջոյնի Խօսքը

Պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ: Նախ, սկաուտական շեփորախումբին առաջնորդութեամբ հրապարակ մուտք գործեցին դրօշները Արցախի, Հայաստանի եւ 25 երկիրներու, ուր ՀՄԸՄ-ը կը գործէ իր 110 մասնաճիւղերով: Հնչեց Արցախի քայլերգը, որմէ ետք շեփորախումբը նուագեց ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը:

Տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի, սկաուտական դրօշի եւ միութեան կանոնագիրի յանձնում` նորաստեղծ մասնաճիւղի վարչութեան: Դրօշները օրհնեց Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, որ այս առիթով արտասանեց ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսք մը: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը համաշխարհային եւ համահայկական կազմակերպութիւն մըն է, որ 100 տարիէ ի վեր կը գործէ` ազգին համար կրթելով հայրենասէր ու ծառայասէր երիտասարդներ, որոնք միշտ պատրաստ են յաղթահարելու որեւէ դժուարութիւն:

«Չափազանց ուրախ եմ, որ վերջապէս ՀՄԸՄ-ը կը գործէ հայրենի Արցախ աշխարհին մէջ», նշեց Պարգեւ սրբազան` մաղթելով ամենայն բարիք, հայրենասիրութիւն, հաւատք եւ ազգային միասնութիւն` յօգուտ մեր ազգին, այն կարգախօսով, որ մեզի կտակած են Վարդանանք` ապրելու եւ գործելու «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»:

Իր խօսքի աւարտին, Պարգեւ սրբազան Տէրունական աղօթքով օրհնեց ՀՄԸՄ-ի նորաստեղծ մասնաճիւղը եւ արտասանեց պահպանիչ աղօթք:

Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարարին Խօսքը

Այնուհետեւ խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը հարուստ եւ բովանդակալից է: ՀՄԸՄ-ը ունի համահայկական կառոյց եւ հայկական աւանդութիւններով կը միաւորէ աշխարհի 25 երկիրներու մէջ գործող իր 110 մասնաճիւղերը: Արցախի մասնաճիւղը կը հանդիսանայ Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութեան հանդիպման գօտին, շեշտեց ան:

Մարտիրոսեան մեծապէս գնահատեց աշխարհով մէկ սփռուած հայ երիտասարդութիւնը միաւորելու ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուութիւնը եւ մաղթեց, որ Արցախի նորաստեղծ մասնաճիւղը ըլլայ այդ առաքելութեան շարունակողը` մարզական եւ սկաուտական զանազան միջոցներով Արցախի երիտասարդութեան մօտ վառ պահելու համար ազգային դիմագիծին համապատասխան հայրենասիրական ոգին:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Խօսքը

Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:

Իր խօսքին սկիզբը Մկրտիչեան ըսաւ, թէ 101 տարեկան ՀՄԸՄ-ի համար սովորական իրադարձութիւն մը չէ Արցախի մէջ մասնաճիւղի մը հիմնադրութիւնը, որովհետեւ անիկա սովորական մասնաճիւղ մը չէ, ինչպէս աշխարհի տարածքին հայկական որեւէ համայնքի մէջ ստեղծուող մասնաճիւղ: «Արցախը աշխարհագրական վայր ըլլալէ առաջ մեզի համար պատմութիւն է, հերոսական հայրենիք եւ դարաւոր հպարտութիւն: Հայրենիքի այս հատուածը պահելու եւ պահպանելու համար ազգովին վճարած ենք շատ սուղ գին», ընդգծեց ան:

«Անցնող 30 տարիներուն, Արցախը եղած է կիզակէտը համայն հայութեան: Հայութիւնը ոչինչ խնայած է Արցախը հզօր, իսկ արցախահայութիւնը ամուր տեսնելու համար: Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը, իր կարգին, Արցախը դարձուցած է մնայուն ուշադրութեան առարկայ: Արցախը իր կարեւոր տեղը ունեցած է միութեան դաստիարակչական ծրագիրներուն մէջ: ՀՄԸՄ-ականներ հասակ առած են Արցախի սիրով, Արցախին ծառայելու եւ ի հարկին Արցախին համար զոհուելու պատրաստակամութեամբ: Ու չմոռնանք, որ ՀՄԸՄ իր նահատակները ունի արցախեան պայքարին մէջ. Վարդան Բախշեանը, Վաչէ Ռոստոմեանը, Վիգէն Զաքարեանը եւ ուրիշներ իրենց արեամբ գրեցին Արցախի նորօրեայ մեր պատմութիւնը: Ու երբ միութիւն մը դաստիարակութեամբ, զոհաբերութեամբ Արցախի հետ կ’ըլլայ, բնական է, որ ան նաեւ Արցախի մէ՛ջ ըլլայ: Կազմակերպական ներկայութիւն եւ միութենական գործունէութիւն ունենայ: Բան մը, որ երկար տարիներ կարելի չէր իրագործել զանազան պատճառներով», յայտնեց Մկրտիչեան:

Ապա, նորաստեղծ մասնաճիւղին առաքելութեան մասին խօսելով` Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ. «ՀՄԸՄ, իր քայլերգին բառերով, մեր ժողովուրդին կամաւոր բանակն է: Բանակ մը, որ ահա, այսօր կու գայ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնելու Արցախի մեր պետականութեան եւ բանակին, իր շարքերուն մէջ հասակ առնող արի ու կայտառ երիտասարդութիւնը ուղղելով դէպի հայրենիքի ծառայութեան նուիրական դաշտ»:

Գառնիկ Մկրտիչեան աւելցուց, որ այսօր բոլորին հայեացքները ուղղուած են այստեղ, արցախցի իրենց քոյր-եղբայրներուն: Բոլորը յաջողութիւն կը ցանկան նորաստեղծ մասնաճիւղին եւ անխտիր բոլորը իրենց բովանդակ կարելիութիւնները կը դնեն մասնաճիւղին տրամադրութեան տակ, որպէսզի ան ամրանայ, հզօրանայ, իրմով մեր ժողովուրդն ու պետականութիւնը ամրանան ու հզօրանան»:

Աւարտին, յանուն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Արցախի պետական պատասխանատուներուն եւ յատկապէս նախագահ Բակօ Սահակեանին, որոնք անվարան գնահատեցին ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ մը ունենալու միութեան առաջարկը եւ կարելի ամէն աջակցութիւն ցուցաբերեցին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ընդունեց նորաստեղծ մասնաճիւղի սկաուտներուն երդումը:

Նորաստեղծ Արցախի Մասնաճիւղին Խօսքը

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի նորաստեղծ մասնաճիւղի ատենապետ Վրէժ Էսմերեան: Ան ըսաւ, թէ Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի մը հիմնադրութեամբ կ’իրականանայ հայութեան երազներէն մէկը: ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» է եւ, ինչպէս աշխարհասփիւռ բոլոր մասնաճիւղերը, Արցախի մասնաճիւղը եւս պիտի գործէ նոյն սկզբունքով եւ նախանձախնդրութեամբ:

Էսմերեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի քոյր կազմակերպութեան, որ պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ Արցախի մասնաճիւղի հիմնադրութեան պաշտօնական արարողութեան: Ան ըսաւ, որ ինչպէս Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի օրերուն ամբողջ հայութիւնը թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ Արցախին, այսօր եւս բոլորը հրաւիրուած են աջակցելու ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղին գոյատեւման ու զարգացման` իբրեւ երաշխիք հզօր եւ ամուր Արցախի մը կերտման:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Խօսքը

Պաշտօնական արարողութեան վերջին խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Ան ըսաւ, թէ մինչեւ օրս ՀՄԸՄ Արցախի մէջ ներկայ էր անպաշտօն կերպով: Ներկայ էր իր նահատակներով, որոնք իրենց գարուն կեանքերը զոհաբերեցին Արցախի հայութեան պաշտպանութեան եւ երկրի սահմաններուն ապահովութեան համար:

Իշխանեան նկատել տուաւ, որ մասնաճիւղի հիմնադրութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ խորհրդանշական հրապարակի մը մէջ, ուր 30 տարի առաջ սկիզբ առաւ արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարը: Հրապարակ մը, ուրկէ տարիներ ետք մարտի մեկնեցան քաջարի մեր մարտիկները: Ան մաղթեց, որ հրապարակին վրայ ծածանող դրօշներու ներկայութեամբ եւ բոլորին վկայութեամբ, նորաստեղծ մասնաճիւղին անդամները պատասխանատու ըլլան ՀՄԸՄ-ական իրենց խոստումին եւ ընդառաջեն հայրենի կանչին` Արցախին եւ արցախահայութեան ծառայութեան հրաւէրին:

Պաշտօնական խօսքերու աւարտին, արարողութիւնը փակուեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շեփորախումբին ազգային-հայրենասիրական եղանակներով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.