ՀՄԸՄ-ի անդրանիկ եւ պատմական նաւապտոյտը

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, 13-20 յուլիս 2026-ին տեղի ունեցաւ Դանուբի գետային նաւապտոյտը՝ AmaWaterways ընկերութեան «AmaBella» նաւով։ Իւրայատուկ եւ աննախընթաց այս նաւապտոյտի ընթացքին, Դանուբ գետով նաւարկելով, մասնակիցները վայելեցին Եւրոպայի գետափնեայ շրջաններուն գեղեցկութիւնն ու հմայքը։

Նաւապտոյտը ընթացք առաւ Գերմանիոյ Վիլշոֆըն քաղաքէն՝ հասնելով Հունգարիոյ Պուտափեշտ քաղաքը եւ ընդգրկելով չորս երկիր ու եօթը քաղաք՝ Գերմանիոյ Վիլշոֆըն եւ Փասաու, Աւստրիոյ Լինզ, Վայսընքերչըն եւ Վիէննա, Սլովաքիոյ Պրաթիսլաւա եւ Հունգարիոյ Պուտափեշտ։

130 մասնակիցները, Դանուբ գետի մերթ ալեկոծ, մերթ հանդարտ ջուրերուն վրայ նաւարկելով, վայելեցին վերոյիշեալ երկիրներուն գեղեցկութիւնը եւ ծանօթացան անոնց պատմութեան, մշակոյթին ու աւանդութիւններուն՝ հրապուրուելով բնութեան հմայքով եւ գեղատեսիլ տեսարաններով։

Նաւապտոյտը ընթացք առաւ Գերմանիոյ Վիլշոֆըն քաղաքէն, երկուշաբթի, 13 յուլիսին, Գերմանիոյ բարեխառն կլիմային եւ գրաւիչ բնութեան մէջ։ Երեկոյեան մասնակիցները վայելեցին բարի գալուստի խրախճանք մը՝ գերմանական աւանդական Oktoberfest-ի (գերմանական ժողովրդական մեծ փառատօն) ջերմ եւ հաճելի մթնոլորտով։

Երեքշաբթի, 14 յուլիսին, մասնակիցները այցելեցին երեք գետերու քաղաքը՝ Փասաու (Passau), Պաւարիոյ գեղատեսիլ քաղաքներէն մէկը, որ կը գտնուի Աւստրիոյ սահմանին մօտ։ Անոնք շրջեցան քաղաքի պատմական վայրերը եւ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն։ Երեկոյեան ներկաները վայելեցին միջազգային արուեստագէտ Գեւ Օրգեանի ելոյթը։

Նաւապտոյտի մտերմիկ եւ հարազատ մթնոլորտով երեկոներուն յաւելեալ խանդավառութիւն հաղորդեցին նաեւ ոտնագնդակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն հեռուստատեսային սփռումները, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին մասնակիցներուն մօտ։

Նաւը հասաւ Աւստրիոյ Լինզ քաղաքը։ Ներկաները վայելեցին շրջանի հմայիչ բնութիւնը, պատմական կառոյցները, ճարտարապետական շինութիւնները եւ բնակչութեան ջերմ ընդունելութիւնը։ Համադամ ուտեստներու եւ զանազան ըմպելիքներու հիւրասիրութեամբ, նաւապտոյտի երեկոները առաւել մտերմիկ մթնոլորտ ստեղծեցին մասնակիցներուն միջեւ։

Հինգերորդ առաւօտուն նաւը հասաւ Աւստրիոյ Վայսընքերչըն քաղաքը։ Դանուբի հովիտին մէջ գտնուող այս գեղեցիկ վայրը մասնակիցներուն ընծայեց բնութեան, պատմութեան եւ աւանդական աւստրիական մթնոլորտի իւրայատուկ համադրութիւն մը։ Երեկոյեան անոնք դարձեալ վայելեցին Գեւ Օրգեանի բերկրալի ներկայութիւնը։

Դանուբի խայտացող ջուրերուն վրայ նաւարկելով՝ փորձառու նաւապետը այս անգամ նաւուն ղեկը ուղղեց դէպի Վիէննա, ուր մասնակիցները ուրբաթ եւ շաբաթ, 17-18 յուլիսին, առիթ ունեցան ըմբոշխնելու քաղաքի մշակութային, ճարտարապետական եւ արուեստի հարուստ ժառանգութիւնը։ Ներկաները այցելեցին Մխիթարեան Միաբանութեան Վիէննայի պատմական կեդրոնը, ուր շրջեցան եւ յիշատակի լուսանկար մը առին հայասէր մեծ գրող Ֆրանց Վերֆէլի արձանին շուրջ։

Երեկոյեան, հայահունչ երգերու մեկնաբանութեամբ, Յակոբ Մկրտիչեան, որ յատուկ ժամանած էր Հայաստանէն, խանդավառեց ներկաները իր հաճելի ներկայութեամբ եւ ճոխ երգացանկով։ Տեղին է նշել, թէ նաւապտոյտի երեկոները միշտ ալ կ՚անցնէին հաճելի եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ՝ ձայնային սարքաւորումներու պատասխանատու Արամ Քայսէրեանի (DJ Ram) ընտրած երգերուն հնչիւններուն ներքեւ։

Հասած էր ուղեւորութեան գրեթէ վերջին հանգրուանը։ Մասնակիցներէն շատեր վայելեցին Սլովաքիոյ գեղեցկութիւնը, պատմական վայրերն ու մշակութային հարստութիւնը, իսկ մաս մըն ալ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հայկական խաչքար-յուշակոթողը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու նահատակներու յիշատակին։

Դանուբ գետի ափին գտնուող Պրաթիսլաւան, որ Սլովաքիոյ մայրաքաղաքն է, յայտնի է իր գեղեցիկ հին քաղաքով, պատմական շէնքերով, գողտրիկ փողոցներով եւ դարաւոր ճարտարապետութեամբ՝ նկատուելով քաղաքական, մշակութային եւ պատմական կարեւոր կեդրոններէն մէկը։ Մասնակիցները շրջեցան հնաւուրց քաղաքը, ծանօթացան անոր պատմական վայրերուն եւ վայելեցին տեսարժան վայրերը։

Խումբ մը մասնակիցներ ալ շարունակեցին իրենց ճամբորդութիւնը դէպի Հունգարիոյ հիասքանչ մայրաքաղաք Պուտափեշտ։ Դանուբ գետի երկու ափերուն տարածուած այս գեղեցիկ քաղաքը՝ Պուտա եւ Փեշտ բաժիններով, կը հանդիսանայ Կեդրոնական Եւրոպայի ամենագեղեցիկ եւ պատմական քաղաքներէն մէկը։

Տեղին է նշել, թէ ուղեւորները առիթ ունեցան այցելելու Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին եւ ծանօթանալու հայութեան պատմական ու մշակութային ժառանգութեան։ Երեկոյեան, Դանուբի ափերուն, մասնակիցները վայելեցին իւրայատուկ ուղեւորութեան վերջին պահերը՝ հաստատելով նոր բարեկամութիւններ եւ ապրելով անմոռանալի ու յիշարժան պահեր։

Հարուստ յայտագիրով յագեցած եօթնօրեայ նաւապտոյտը իր ուրոյն դրոշմը ձգեց իւրաքանչիւր մասնակիցի յիշողութեան մէջ։ Մասնակիցները ուրախութեամբ եւ հաճոյքով ծանօթացան Եւրոպայի պատմական ու գեղատեսիլ քաղաքներուն եւ հպարտութեամբ վկայեցին հայկական կեդրոններու հաստատուն ներկայութիւնը, որոնք իրենց յատուկ տեղը կը գրաւեն Եւրոպայի տարածքին։

ՀՈՒՐԻՆԱ