ՀՀ Սփիւռքի նախարարը ընդունեց «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած «Հորիզոն»ի խումբը

Օգոստոս 29-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը ընդունեց «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած Գանատայի հայ համայնքի 30 ներկայացուցիչները՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի գլխաւորութեամբ:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը՝ Սփիւռքի նախարարը շեշտեց Գանատայի հայ համայնքին համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ, որուն արդիւնքով համայնքը շարունակաբար իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Արցախի Հանրապետութեան թէ՛ Պաշտպանութեան բանակին, թէ՛ բժշկական հիմնարկներուն եւ թէ՛ սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան: Ան նշեց. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, շնորհակալ եմ, որ արձագանգեցիք շարժման միանալու մեր կոչին եւ այսօր Հայաստան էք, աւելին, շուտով կը մեկնիք Արցախ եւ այնտեղ կը նշէք մեր երկրորդ Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը: Գանատահայ համայնքը միշտ աշխոյժ մասնակցութիւն ունի Սփիւռքի նախարարութեան բոլոր ծրագիրներուն: Ձեզմէ ամէն մէկը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արցախի զարգացման եւ շէնացման գործին: Եթէ 18-ամեայ մեր երիտասարդները իրենց արեան գնով կը պաշտպանեն մեր սահմանները, ապա մենք ալ պարտաւոր ենք աջակցիլ անոնց ու անոնց ընտանիքներուն, որպէսզի հնարաւորինս բարեկեցիկ եւ ապահով ապրին»:

Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Վահագն Գարագաշեանին՝ գանատահայերու այցը Հայրենիք կազմակերպելուն համար:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը ընդգծեց, որ մեր զինուորներուն կողմէ առանձնակի ոգեւորութեամբ ստացած են Սփիւռքի մէջ եւ նաեւ Գանատա ապրող հայ մանուկներուն նամակները՝ ուղղուած իրենց:

«Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման աշխոյժ մասնակցութեան համար նախարարը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրեր յանձնեց գանատահայեր Գրիգոր Տէր Ղազարեանին, Վարդի Դանիէլեանին, Գրիգոր Գույումճեանին, Լեւոն Պենկեանին, Օհան Թապաքեանին եւ Վարուժան Մանճեանին:

Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկան պարգեւատրուած գանատահայերը եւ նշեցին, որ իրենց համար այս շրջագայութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի: Օհան Օհան Թապաքեան ընդգծեց, որ յուզումի եւ հպարտութեան բացառիկ պահեր կ’ապրի՝ տեսնելով օրէ օր զարգացող ու գեղեցկացող Երեւանը: Վարդի Դանիէլեանը աւելցուց, որ կ’ուզէ ձեռք բերել Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ իր սեփական տունը ունենալ Հայրենիքի մէջ: Լեւոն Պենկեանը նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին հաւաստիացուց, որ գանատահայ համայնքը սիրով կը մասնակցի նախարարութեան բոլոր ծրագիրներուն: Վահագն Գարագաշեանը նշեց. «Տիկի՛ն Յակոբեան, շնորհակալ ենք, որ գնահատեցիք մեզ եւ աջակցեցաք Հայաստան եւ Արցախ մեր այս տարուան շրջայցը կազմակերպելուն»:

Հանդիպման աւարտին ներկաները դիտեցին նախարարութեան ծրագիրներուն մասին տեսաֆիլմ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.