ՀՀ Արտգործ Նախարարութիւնը Մեկնաբանած Է Սուրիոյ Մէջ Հայկական Մարդասիրական Առաքելութեան Տեղակայման Վերաբերեալ Ուաշինկթընի Արձագանգը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանած է Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, «Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը` Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ հարցին» հարցումին ի պատասխան` Նաղդալեան ըսած է.

«Ի գիտութիւն ընդունած ենք Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան տեղակայման առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը: Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները արդէն երկար ժամանակ է, որ միասնաբար ջանքեր կը գործադրեն արձագանգելու Սուրիոյ մէջ ընթացող մարդասիրական աղէտին, որ կ՛ուղեկցուի գաղթականներու եւ տեղահանուածներու զանգուածային ճգնաժամով:

Կրկնենք, որ սուրիական տագնապի ամբողջ ընթացքին աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը միշտ մտահոգութեամբ հետեւած է քաղաքացիական բնակչութեան, փոքրամասնութիւններու, այդ կարգին` սուրիահայ հոծ համայնքի ճակատագիրին: Հայկական հանրային կարծիքը խոր մտահոգութիւն եւ կարեկցանք դրսեւորած է քաղաքային բնակչութեան տառապանքներուն եւ երկրի աւերման նկատմամբ: Խօսքը երկրի մը մասին է, որ առանցքային ներդրում ունեցած է ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ ժողովուրդի գոյատեւման հարցին մէջ: Սուրիական տագնապի ամբողջ ընթացքին Հալէպի մէջ չէ դադրած գործելէ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը: Մինչեւ այսօր Հայաստանը ապաստան տուած է աւելի քան 22.000 սուրիացի գաղթականներու եւ մօտաւորապէս չորս օդանաւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է Սուրիոյ ժողովուրդին: Յարաբերական անդորրի ու անվտանգութեան հաստատումէն ետք Հայաստանը մտադրած է շարունակել իր ներդրումը մարդասիրական առաքելութեան, ներառեալ` տրամադրելով բժիշկներ եւ մարդասիրական ականազերծողներ` աջակցելու պատերազմէն տուժած Հալէպի քաղաքային բնակչութեան կենսագործութեան բարելաւման: Հայկական առաքելութիւնը բացառապէս մարդասիրական բնոյթ ունի, առաջնորդուած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքով եւ իր գործունէութիւնը պիտի համակարգէ տեղւոյն վրայ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերող կառոյցներու եւ միջազգային գործընկերներու հետ:

Մենք կը կիսենք միջազգային հանրութեան մտահոգութիւնները` կապուած Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակին հետ, եւ կարեւոր կը նկատենք Սուրիոյ մէջ մարդասիրական աջակցութեան շարունակական տրամադրումը»:

Նշենք, որ 13 փետրուարին լրատուամիջոցները Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան անունով տարածած էին տեղեկութիւն, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կեցուածքը յայտնած է Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.