Հինգ Հայ Ռազմագերիներ Վերադարձուեցան Հայաստան

8 սեպտեմբերին ազրպէյճանական կողմը Հայաստանի կողմին վերադարձուց հինգ հայ ռազմագերիներ:

Լուրը հաղորդեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ)` նշելով վերադարձած գերիներուն անունները` Աղրամանեան Մարտին (1996-ի ծնունդ, Գիւմրիէն), Գէորգեան Աշոտ (1998-ի ծնունդ, Գիւմրիէն), Գրիգորեան Ֆելիքս (1996-ի ծնունդ, Գիւմրիէն), Մանուկեան Վարազդատ (1990-ի ծնունդ, Գիւմրիէն) եւ Յովսէփեան Էդիկ (1999-ի ծնունդ, Վանաձորէն):

«Կ՛ողջունենք այս գործողութիւնը` իբրեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստող քայլ», նշուեցաւ ԱԱԾ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի կանուխ ազրպէյճանական «Թուրան» գործակալութիւնը յայտնեց, որ երկրի գերագոյն դատարանը «մեղմացուցած է Հայաստանի չորս քաղաքացիներու դատավճիռները եւ ազատ արձակած զանոնք»:

Լրատուամիջոցին տուեալներով` անոնք գերեվարուած էին 2020 թուականի դեկտեմբերին Հատրութի մէջ: Դատարանէն «Ինթըրֆաքս»-ի ազրպէյճանական ծառայութեան յայտնեցին, որ չորս ռազմագերիները նոյեմբեր 2021-ին դատապարտուած էին 6 տարուան բանտարկութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.