Հինգ ընդդիմադիր ուժեր պիտի վիճարկեն ընտրութիւններու արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մէջ

ԵՐԵՒԱՆ․ Արդէն հինգ ընդդիմադիր ուժեր յայտարարած են, որ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները պիտի վիճարկեն Սահմանադրական դատարանին մէջ։

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի, «Հայաստան» դաշինքի, Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ Վարդան Ղուկասեանի ԴՕԿ կուսակցութեան կողքին, ՍԴ դիմելու մասին յայտարարած է նաեւ նախկին Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյանի առաջնորդած «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնը։

«Միասնութեան թեւեր»-ը ընտրութիւններուն ստացած է շուրջ 33 հազար ձայն։

Սահմանադրական դատարան դիմելու պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ «Դեմոկրատիա, օրենք, կարգապահութիւն» կուսակցութիւնը։ ԴՕԿ-ի ցուցակին մէջ ընդգրկուած փաստաբան Լեւոն Պաղտասարեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ դատարանէն պիտի պահանջեն անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններու արդիւնքները՝ մատնանշելով վարչական լծակներու լայնածաւալ օգտագործում եւ ընտրակաշառքի բաժանում։ ԴՕԿ-ը ընտրութիւններուն ստացած էր աւելի քան 25 հազար ձայն։

Միւս կողմէ, Էտմոն Մարուքեանի «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ չի ճանչնար ընտրութիւններու արդիւնքները եւ ձեւաւորուող խորհրդարանը օրինական չի համարեր։ Սակայն կուսակցութիւնը նպատակայարմար չի գտներ դիմել Սահմանադրական դատարան՝ պնդելով, որ դատական իշխանութիւնը անկախ չէ։ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը ընտրութիւններուն ստացած է շուրջ 7 հազար ձայն։