Հարիւրաւոր վանգուվըրահայեր մասնակցեցան բողոքի ցոյցի՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բարբարոսութեան դէմ

 

Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին հարիւրաւոր վանգուվըրահայեր, ընդառաջելով տեղւոյն Հայկական Միացեալ Մարմնի կոչին, հաւաքուած էին քաղաքի կեդրոնը գտնուող գանատական լրատուութեանառաջին ալիք CBC կայանի եւ քաղաքի մեծագոյն մատենադարանին դիմաց:

Համայն հայ գաղութը ցուցատախտակներով եւ դրօշակներով հակաատրպէյճանական եւ հակաթրքական բողոքի ցոյց կատարեցին եւ քարոզչական հրաշալի  աշխատանք տարին, նպատակ ունենալով լուսաբանել եւ պարզաբանել Գանտայի ժողովուրդին տեղի ունեցած անմարդկային իրադարձութիւնները Արցախի տարածքին։

Ցոյցի ժամանակ խօսք առին Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գեղարդ Աւագ Քհն. Կարապետեան, Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գարեգին Վրդ. Շխըրտմեան,  տեղոյն  կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ տեղակսն քրտական համայնքի ղեկավարներ։

Ընթերցուեցաւ Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առոողջապահութեան նախարար տիար Ատրիան Տիքսի կոչը՝ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ հայ ժողովուրդին:

Ցոյցին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան եւ Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգին մէջ Լիբանանի դեսպան տոքթ. Նիքլըս Քահուաճի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.