«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը կը դիմէ ԿԸՀ՝ «Ուժեղ Հայաստանի» գրանցումը չեղարկելու պահանջով

ԵՐԵՒԱՆ.– «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի դիմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով (ԿԸՀ)՝ պահանջելով «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի գրանցման չեղարկումը։

«Ազատութիւն» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ կուսակցութեան ներկայացուցիչ եւ պատգամաւորի թեկնածու Գրիգոր Առաքելեան ըսաւ, որ դիմումը պիտի ներկայացուի մինչեւ աշխատանքային օրուան աւարտը։ Ան նշեց, թէ իրենց գնահատմամբ արձանագրուած են Ընտրական օրէնսգիրքի շարք մը ենթադրեալ խախտումներ, ներառեալ արտաքին ազդեցութեան, նախընտրական գործընթացներու եւ վարչապետի թեկնածուի օրէնսդրական պահանջներուն վերաբերող հարցեր։

Առաքելեան նաեւ պնդեց, թէ դաշինքի առաջին համար Նարեկ Կարապետեանի քաղաքացիութեան հետ կապուած խնդիրներ եւս կան, որոնք, ըստ իրենց, պէտք է քննուին։

Ան յայտնեց, որ աւելի հաւանական կը նկատէ, որ ԿԸՀ-ն հարցը փոխանցէ դատարան՝ գրանցումը անվաւեր ճանաչելու պահանջով, թէեւ օրէնքը նաեւ կը նախատեսէ յանձնաժողովի կողմէ ուղղակի որոշում կայացնելու հնարաւորութիւն։

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը առայժմ չէ արձագանգած այս նախաձեռնութեան։

Նախընտրական բանավէճի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդդիմադիր ուժերուն կոչ ուղղած էր դիմելու ԿԸՀ՝ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի գրանցումը չեղարկելու պահանջով։