Հանրային Հեռուստատեսութիւնը կը պատկանի պետութեան և հետևաբար՝ հանրութեան

Դիտե՛լ ՀՀ Հանրային Հեռուստատեսութեան «Հարցազրոյց» յայտագրի հաղորդավար՝ Պր. Պետրոս Ղազարեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի և Քաղաքական Հարցերու Պատասխանատու՝ Ընկ. Կիրո Մանոյեանի հետ։ Քննարկման օրակարգին մաս կը կազմեն Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու դաշինք՝ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման» շղթայազերծած պահանջատիրական երթերը «ՆԻԿՈԼ ՀԵՌԱՑԻ՛Ր» և «ԱՌԱՆՑ ՆԻԿՈԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» կարգախօսներով։ Կը քննարկուին նաև Դաշնակցութեան պահանջները Արցախի հարցի կարգաւորման սկզբունքներու կապակցութեամբ։
Արդէն վարժուած ենք Պր. Ղազարեանի կողմնակալ վերաբերմունքին, երբ «Հարցազրոյց»ի յայտագրին վրայ են ընդդիմութեան և յատկապէս Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները։ Քննարկման բեմը գրաւելու, հարցերը իրենց համատեքստէն դուրս բերելու, ընդդիմադիր տեսակէտները ճապաղեցնելու բացայայտ փորձե՛րը՝ որոնք պարզապէս կը վարկազրկեն բեմը ու ոչինչ կ՚աւելցնեն հարցերու լուսաբանման ուղղութեամբ։ Քանիցս մատնանշած ենք, որ Հանրային Հեռուստատեսութիւնը կը պատկանի պետութեան և հետևաբար՝ հանրութեան, որուն մաս կը կազմէ նաև ընդդիմութիւնը։ Անոր նպատակն է հաւաստի տեղեկութեամբ զինել հանրութիւնը և լուսաբանել։ Բացարձակապէս անընդունելի է, երբ ան կը վերածուի պատանդի օրուան կառավարութեան քարոզչութեան նուիրուած։ Անընդունելի և աննպատակ։
Կարօ Արմենեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.