Հայ Սփիւռքի հարցախոյզ. Համայնքային Յանձնառութիւն
«Հորիզոն».- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ`Սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագիր մը սկսաւ անցեալ տարի: «Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) Հետազօտական ծրագրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին:
Առաջին հանգրուանով, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա), Մայիս եւ Յունիս 2018-ին, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին, գլխաւորութեամբ՝ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Այս քաղաքներու հարցախոյզերու արդիւնքները արդէն առցանց հրապարակուած են www.armeniandiasporasurvey.com կայքէջին մէջ։ Այս տարուան հարցախոյզը կը շարունակուի Մոնթրէալի, Արժանթինի,Ռումանիոյ եւ Լիբանանի մէջ։
«Հորիզոն» յաջորդաբար պիտի հրատարակէ 2018-ի ուսումնասիրուած հիմնական թեմաներու մասին յօդուածաշարք մը, որոնց անգլերէն տարբերակը հրատարակուած է ծրագրի կայքէջին վրայ։ Կը հրատարակենք շարքի երկրորդ յօդուածը։ Առաջին յօդուածը կարդալ այս յղումով։
Նախորդող յօդուածները կարդալ հոս, հոս եւ հոս։
3) Համայնքային Յանձնառութիւն
Զբաղեալ կենսաոճը անհրաժեշտ կը դարձնէ աւելի հետաքրքրական ձեռնարկներու եւ տեսլապաշտ ղեկավարութեան առկայութիւնը նաեւ յաւելեալ կեդրոնացում երիտասարդ սերունդին վրայ
Վահէ Սահակեան
Չորս քաղաքներուն մէջ հարցապնդուածներուն մեծամասնութիւնը, որոնք կապ չունին հայկական կազմակերպութիւններու հետ եւ գործուն ներկայութիւն չեն հայկական իրադարձութիւններու մէջ, նշեցին ժամանակի պակասը եւ հետաքրքրական ձեռնարկներու/միութիւններու բացակայութիւնը իբրեւ իրենց հեռու մնալուն գլխաւոր պատճառներ: Տեղական համայնքներու ուժականութեանը խոչընդոտ հանդիսացող հիմնական մարտահրաւէրներու շարքին, հարցապնդուածներու մեծամասնութիւնը նշեց երեք կէտեր. ա) երիտասարդները հետաքրքրող ձեռնարկներու պակասը, բ) կարող եւ տեսիլք ունեցող ղեկավարութեան պակասը, գ) խառն ամուսնութիւնները:
Հետազօտութեան շրջագիծին մէջ «համայնքը» նկատի պիտի առնենք իբրեւ «շրջան մը, որուն հանդէպ hայերը պատկանելիութեան զգացում մը ունին, ուր ուրիշ hայեր ալ կը բնակին, որոնց հետ կրնան յարաբերիլ, եւ ուր յաճախ որոշ հաստատութիւններ կան, ինչպէս եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ, որոնց կրնան մասնակցիլ ըստ ցանկութեան»:
Ինչպէս եւ կանխատեսէլի էր, տեղական համայնքներուն մէջ անհրաժեշտ ձեռնարկներուն առումով հարցապնդուողներուն մեծամասնութիւնը նախապատւութիւն տուաւ այն ձեռնարկներուն, որոնք այս կամ այն ձեւով կ’առնչուին նորահաս սերունդներու ներգրաւմանը, մասնաւորաբար՝ ա) հայոց պատմութեան, լեզուի, արուեստի, երաժշտութեան, խոհանոցի, պարի, եւ այլ նիւթերու մասին դասախօսութիւններ եւ ձեռնարկներ; բ) հայկական դպրոցներ, գ) մանուկներու համար նախատեսուած մշակութային գործունէութիւն, ամառնային ճամբար, սկաուտներ:
Համայնքային ներգրաւումը եւ մարտահրաւէրները
Չորս քաղաքներուն մէջ հարցապնդուածներուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի հայկական եկեղեցիի մը, ըլլայ առաքելական (71%), աւետարանական (12%) կամ կաթոլիկ (5%): Հարցապնդուածներուն 12%–ը չի պատկանիր ոչ մէկ հայկական եկեղեցւոյ կամ որեւէ այլ հաւատքի: Անոնք, որոնք չեն առնչուիր հայկական կազմակերպութիւններու կամ գործունէութեան հետ, քանի մը պատճառ նշեցին իրենց գործուն չըլլալուն վերաբերեալ. չորս քաղաքներու հայերուն 44 առ հարիւրը ըսաւ որ ժամանակ չունի, բայց Մարսէյի հայերու կէսէն աւելին նշած է այս պատճառը: Հարցապնդուողներուն 10-էն 3-ը նշեց, որ հետաքրքրական չի գտներ ձեռնարկները/միութիւնները, աւելի բարձր համեմատութեամբ Պոսթընի մէջ (40%): Երկար հեռաւորութիւնը նաեւ այլ գործօն է, որ խոչընդոտ կը հանդիսանայ հարցապնդուողներու 16%–ին՝ հեռու մնալու համայնքային գործունէութենէ, իսկ 14%–ը հեռու կը մնայ ձեռնարկներէ, որովհետեւ մերժուած կը զգայ, երբ ներկայ գտնուի, աւելի բարձր համեմատութեամբ Գահիրէի մէջ (17%):
Տեղական համայնքներու դիմագրաւած ամենէն կարեւոր մարտահրաւէրներուն գծով, հետազօտութեան մասնակիցները մատնանշեցին հիմնական երեք հարցեր`41%–ը ընտրեց «երիտասարդները հետաքրքրող ձեռնարկներու պակասը», 38%–ը նշեց «կարող եւ տեսիլք ունեցող ղեկավարութեան պակասը համայնքէն ներս» եւ 32%–ը մտահոգութիւն յայտնեց խառն ամուսնութիւններու եւ ձուլման նկատմամբ: 10 հարցապնդուողներէն 3-ը նշեցին «ձուլուելու ցանկութիւնը/ճնշումը» եւ «համայնքային հետաքրքրական/գրաւիչ գործունէութեան պակասը» իբրեւ այլ կարեւոր մարտահրաւէրներ: Հետաքրքրականօրէն, Մարսէյի մէջ հարցապնդուողներուն 34%-ը յայտնեց, որ յաւելեալ ճնշում կը զգայ ձուլուելու, քան այլ վայրերու մէջ:
Մարտահրաւէրներու դասաւորումը սեռի, տարիքի, ընկերային ներդաշնակութեան գաղթական սերունդներէն եղած ընկերային հեռաւորութեան առումներով նուազ կը տարբերի: Այսուհանդերձ, բաղդատած գաղթական եկած ծնողներէ/մեծհայրերէ սերած հարցապնդուողներու 37%–ին, գաղթական սերունդին գրեթէ կէսը նշեց «երիտասարդները հետաքրքրող ձեռնարկներու պակասը» իբրեւ համայնքին դիմագրաւած կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկը:
Հարցապնդուողներու մէկ երրորդին համար «խառն ամուսնութիւնները» կը նկատուին տեղական համայնքի դիմագրաւած ամենէն կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկը, սակայն այդ համեմատութիւնը կը գերազանցէ հարցապնդուողներու կէսը Գահիրէի հայերուն պարագային: Ամենէն քիչ մտահոգուած էին Պոսթընի հայերը՝ 5-էն 1 համեմատութեամբ: Հարցապնդուողներուն շուրջ քառորդին համար «ժամանակի պակասը աշխատանքի պատճառով» կը նկատուին այլ մարտահրաւէրներու շարքին, բայց աւելի բարձր համեմատութեամբ Պոսթընի հայերուն մօտ՝ 39%–ով:
Տեղական հայ համայնքէն ներս պահանջուած ձեռնարկներ
Տարբեր բնոյթի շարք մը ձեռնարկներ անհրաժեշտ կը նկատուին հարցապնդուողներուն համար: Կրթական ձեռնարկները բարձր տեղ կը գրաւեն առաջնահերթութիւններու ցանկին վրայ. «հայոց պատմութեան, լեզուի, արուեստի, երաժշտութեան, խոհանոցի, պարի եւ այլ նիւթերու մասին դասախօսութիւններ եւ ձեռնարկներ»՝ 45%, «հայկական դպրոցներ»՝ 37.5% եւ «մանուկներու համար նախատեսուած մշակութային գործունէութիւն, ամառնային ճամբար, սկաուտներ»՝ 37%: Այս համեմատութիւնները բաւականին կը բարձրանան Գահիրէի մէջ (55%) եւ կը նուազին Պոսթընի մէջ (37%): Նուազ քան հարցապնդուողներու 10%–ին համար, երկրորդ աստիճանի կարեւորութիւն ներկայացնող ձեռնարկներու շարքին կը նկատուին «արհեստավարժ կամ մասնագիտական ցանցերը», «քաղաքական գործունէութիւնը (օր.՝ Ցեղասպանութեան ճանաչում կամ Հայաստանին ուղղուած օգնութիւն)», «գրադարան, թանգարաններ, այլ աշխարհական հաստատութիւնները», «եկեղեցին եւ կրօնական գործունէութիւնը»:
Այս առաջնահերթութիւնները կը տարբերին ըստ վայրերու եւ պայմաններուն: Մարսէյի մէջ հարցապնդուածներուն շուրջ կէսը կարեւոր առաջնահերթութիւն նկատեց «հայկական դպրոցներ» ունենալը, մինչ Գահիրէի մէջ հարցապնդուածներուն միայն քառորդը նոյն առաջնահերթութիւնը ունի: Ի դէպ, Գահիրէի մէջ հարցապնդուածներուն 10-էն 3-ը յայտնեց, որ «գրադարան, թանգարաններ եւ այլ աշխարհիկ հաստատութիւնները» կամ «եկեղեցին ու կրօնական գործունէութիւն»ը աւելի անհրաժեշտ են իրենց համայնքին: Պոսթընի մէջ, հարցապնդուածներուն 33%–ը ընդգծեց մասնագիտական ցանցերու կարեւորութիւնը եւ 39%–ը նշեց կրթական եւ մշակութային գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ երբ շրջանին մէջ շարք մը հաստատութիւններ, եկեղեցիներ եւ ակումբներ կը կազմակերպեն նման ձեռնարկներ եւ կը ստեղծեն նմանօրինակ առիթներ, ինչպէս Հայագիտական Ուսմանց եւ Ուսումնասիրութեանց Ազգային Միութիւնը, Ամերիկայի Հայկական Թանգարանը եւ Հայկական Մշակութային Հիմնարկութիւնը:
Այս յայտնաբերումները առիթ կը ստեղծեն յաւելեալ ուսումնասիրութեան ու վերլուծումներու եւ մարտահրաւէրներ կը ներկայացնեն համայնքային ղեկավարներու եւ կազմակերպութիւններու համար, որոնք կրնան ըստ այնմ վերամշակել իրենց գործունէութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ միջոցներով արձագանգելու համայնքի անդամներու պահանջներուն եւ ակնկալութիւններուն: