Հայ դպրոց

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը սկսին տունէն՝ մանուկին փոքր տարիքէն։ Հոն՝ մօր մը վարուելակերպը եւ խօսակցութիւնը անմիջական ազդեցութիւն կ’ունենան մանուկին վրայ։ Երեխան կ’ընդօրինակէ իր մայրը, կը կապկէ զայն, կը շարժի, կը խօսի, կը խնդայ կ’արտայայտուի իր մօրը նման։ Ան մօրմէն կը սորվի լաւը, գէշը, ճիշդը, սխալը, գեղեցիկը, տգեղը, բարին ու չարը։ Հետեւաբար մայրը կը դառնայ երեխային առաջին ուսուցիչ-դաստիարակը, սակայն պէտք չէ մոռնալ հօրը կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը առաջին դպրոցին մէջ, որ տունն է, եւ ընտանեկան միջավայրը։

Կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը կ’ընթանան զուգահեռաբար ուսման հետ՝ կրթական օճախներու մէջ, եւ, իբրեւ ամբողջութիւն, կը կատարելագործուի դպրոցական տարիներու ընթացքին։ Երեխան իր առաջին քայլերը կը նետէ դպրոցին մէջ, կը քալէ հանգրուանէ հանգրուան եւ կը բարձրանայ մակարդակէ մակարդակ։ Դպրոցին մէջ կը կազմաւորուին աշակերտին հասկացողութիւնը, մտածողութիւնը, թռիչքները եւ երազները։ Դպրոցն է, որ կը դաստիարակէ, կը կրթէ աշակերտ-ուսանողը, կը ջամբէ անոր հիմնական եւ ժամանակակից գիտութիւն, բարոյականութիւն, կենցաղավարութիւն, իմացական բարձր ոգի եւ ազգային գիտակցութիւն։ Դպրոցը կը բանայ աշակերտին մտքի շտեմարանը, կը լուսաւորէ անոր հոգին, կ’ազնուացնէ անոր ճաշակը եւ գեղեցիկի ըմբռնումը։

Ազգ մը կը պահպանուի, եւ անոր դիմագիծը անաղարտ կը մնայ իր մայրենի լեզուով, իր մշակոյթով եւ հոգեկան-իմացական ապրումներով ու արժէքներով։ Այս նպատակին հասնելու առաջնահերթ ազդակներէն կարեւորագոյնը ազգային դաստիարակութիւնն է։ Հայ Ժողովուրդն ալ կ’ապրի իբրեւ ուրոյն ազգ իր լեզուով եւ մշակոյթով՝ շնորհիւ հայ դպրոցին, հայ գրքին եւ հայեցի դաստիարակութեան։ Հայ դպրոցին մէջ կը կազմաւորուին հայ աշակերտին միտքն ու նկարագիրը. հոն կը հետապնդուի, կը մշակուի եւ կ’իւրացուի հայ ոգին եւ մշակոյթը։ Ասիկա կը պահանջէ զօրաւոր կամք եւ անսահման զոհողութիւն։ Շատ դժուար է սեփական-ազգային մշակոյթ եւ մտածում զարգացնել հայրենիքէն դուրս՝ օտար միջավայրի մէջ։ Հետեւաբար մեծ ուժականութեամբ եւ վերանորոգ ոգիով պէտք է կառչինք հայեցի դաստիարակութեան, ամրապնդենք զայն եւ, մանաւանդ, կազմակերպենք հայ դպրոցը՝ պահպանելու համար հայ լեզուն, հայ մշակոյթը եւ հայկական դիմագիծը։

Հայ դպրոցին առաքելութիւնը կը խտանայ հետեւեալ հիմնական նպատակներուն մէջ.

  1. Կազմաւորուող նոր սերունդին ապահովել հայեցի մթնոլորտ եւ շունչ։
  2. Անոր սորվեցնել մեսրոպաշունչ հայ լեզուն եւ ծանօթացնել հայ ազգի մշա-կութային, պատմական ու հոգեւոր հարստութիւնը։
  3. Արթնցնել անոր մէջ ազգային պատկանելիութեան խոր գիտակցութիւն, հպարտութիւն եւ ազգային իրաւունքներու հիմնաւորուած պահանջատիրութիւն։
  4. Ջամբել անոր ամբողջական-համապարփակ ուսում, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել կեանքի հրամայականները։
  5. Որդեգրել պետական կրթական ծրագիրները։
  6. Որդեգրել կրթական-ուսումնական եւ դաստիարակչական հիմնաւորուած նորութիւններ, ուղեգիծեր եւ ծրագիրներ։
  7. Փոխանցել անոր մարդկային բարոյական արժէքներու կարեւորութիւնը եւ սորվեցնել անոր համամարդկային կենցաղավարութիւն։
  8. Աշխուժացնել, ընթացիկ դասանիւթերու կողքին, մարմնամարզանքը, երաժշտութիւնը, գծագրութիւնը, պարը եւ թատրոնը, որոնք բոլորն ալ խիստ կարեւոր են աշակերտին ֆիզիքական, հոգեկան եւ զգացական զարգացումին ու աճումին։

Վերոյիշեալ նպատակներու իրականացումով հայ դպրոցը կը դառնայ իսկական հայկական օճախ՝ նախանձելի մակարդակով, որակաւոր եւ հրա-պուրիչ, ինչպէս նաեւ կրնայ մրցիլ յաջող կոչուած օտար վարժարաններու հետ ու ինքզինք կը պարտադրէ իր շրջապատին ու ժողովուրդին։

Հայ դպրոցի առաքելութիւնը կ’իրականանայ, եւ նպատակը կ’իմաստաւորուի միայն ու միայն խոր համոզումով, յստակ ծրագրումով, հետեւողական աշխատանքով եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ՝ զանազան մակարդակներու վրայ, եւ ի մասնաւորի՝ աշակերտութիւն-ուսանողութիւն, ծնողք, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ հոգաբարձութիւն։

Հայ աշակերտը յստակ գիտնալու է, որ հայ դպրոցը ժամանցի վայր չէ, ո՛չ ալ ընկերային հաւաքավայր մը, այլ՝ ուսումնական-կրթական հաստատութիւն մը, հայեցի դաստիարակութեան օճախ մը, ուր ինք պիտի թրծուի իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ։

Հայ աշակերտը ունենալու է՝

  1. Աշխատելու եւ տքնելու հաստատակամ կամք։
  2. Աշխատելու ուղեգիծ եւ աշխատելաձեւ, որպէսզի օրը-օրին կանոնաւոր կերպով հետեւի դասերու հոլովոյթին։
  3. Նպատակ մը՝ արձանագրելու փայլուն յաջողութիւն դպրոցի հայկական ծրագրի եւ պետական քննութիւններու մէջ, յաջողապէս աւարտելու իր դպրոցը եւ տիրանալու համապատասխան վկայականի։

Հայ աշակերտը պէտք է համոզուի, որ միջակութիւնը անընդունելի է եւ զինք տեղ մը չի հասցներ. ծրագրուած եւ կեդրոնացեալ աշխատանքն է, որ զինք կը հասցնէ լաւագոյն արդիւնքի եւ նախանձելի դիրքի։ Ան պէտք է գիտակցի, որ իր ծնողների նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութիւններով զինք առաջնորդած են հայ դպրոց, որպէսզի ինք դառնայ ուսեալ, կրթեալ, յաջող եւ բարձր բարոյականի տէր շրջանաւարտ ու պատուաբեր հայորդի։ Ան պէտք է գիտակցի նաեւ, որ տնօրէն, ուսուցիչ, հոգաբարձութիւն-կրթական մարմին եւ այլ մարմիններ շարունակ եւ բծախնդիր կերպով կը մտածեն, կը ծրագրեն, կ’աշխատին իր օգտին համար, որպէսզի ինք լաւագոյն ուսում-կրթութիւն ստանայ եւ պատիւ բերէ իր ծնողքին եւ հայ ժողովուրդին։ Վա՜յ այն աշակերտին, որ չի կրնար առաւելագոյն չափով օգտուիլ հայ դպրոցին ընծայած առիթներէն։

Ծնողները անմիջական եւ կարեւորագոյն դերակատարներն են հայ դպրոցի կեանքի աշխուժութեան, կենսաւորումին եւ սահուն յառաջընթացին։ Անոնք հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան լծակիցներն են եւ դպրոցին գոյատեւման կարեւորագոյն սիւները։ Ծնողք սերտ գործակցութիւն ցուցաբերելու են հանդէպ՝ տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ հոգաբարձութեան-խնամակալութեան, որոնք ամէնօրեայ հոգատարներն են իրենց զաւակներուն դպրոցին մէջ։ Անոնք պարտին մղել իրենց զաւակները լուրջ աշխատանքի, ըլլան պահանջկոտ, խրատատու եւ քաջալեր, որպէսզի իրենց զաւակները առաւելագոյն չափով օգտուին դպրոցի ընձեռած բարիքներէն։ Հայ դպրոցը կանգուն կը մնայ, կը գոյատեւէ, կը յառաջդիմէ, երբ գիտակից ծնողներ իրենց նիւթաբարոյական պարտաւորութիւնները լիովին եւ ճիշդ ժամանակին կը կատարեն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեն հայ դպրոցի բոլոր պէտքերուն։

Ուսուցիչները իրենց իսկ կոչումով նուիրեալ առաքեալներ են եւ անոնք արժանի են լաւագոյն նիւթաբարոյական վարձատրութեան։ Տիպար ուսուցիչը որակաւոր, փորձառու, մանկավարժ, բարոյախօս, կենցաղավար եւ ընկերա-յին ստորոգելիներով օժտուած անձ մըն է։ Ան կենդանի ներկայութիւն է դպրոցին մէջ, մանաւանդ՝ դասարանին մէջ։ Անոր անկեղծ եւ սիրալիր մօտե-ցումը աշակերտներուն հանդէպ կը յառաջացնէ վստահութիւն, ակնածանք եւ յարգանք՝ բոլորին մօտ։ Անոր արթնութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով ու պատրաստակամութեամբ կ’իրականանայ դպրոցին կրթական-ուսումնա-կան արդիւնաւէտ ծրագիրը, որակի բարձրացումը, փայլուն յաջողութիւնը եւ մանաւանդ՝ հայ աշակերտին մարդակերտումը եւ հայակերտումը։ Ուսուցիչն է կորիզը ուսումնական-կրթական շրջագիծին. իրմով կը սկսի եւ իրմով ալ կը վերջանայ նորահաս սերունդի կրթութիւնը. ինքն է վարպետը, որ կը տաշէ, կը յղկէ, կը ձեւաւորէ, կ’ուղղէ աշակերտը եւ կը փոխանցէ անոր իր հոգին եւ մտապաշարը։ Ան կը պեղէ աշակերտին հոգին եւ հոգեկան աշխարհը։ Ան կը տեսնէ աշակերտին թաքուն ձիրքերը, կարողութիւններն ու տաղանդը եւ քաջալեր կը հանդիսանայ անոր առողջ ընթացքին։ Ան կը ստեղծէ առողջ մթնոլորտ եւ փոխյարաբերութիւն տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան-խնամակալութեան եւ իր գործակիցներուն հետ։ Վերջապէս, տիպար ուսուցիչը, ինքզինք սպառելով, իր ուրախութիւնը կը գտնէ իր ստեղծած հարուստ եւ պարարտ հունձքին մէջ։

Դպրոցին բաբախուն սիրտը, համակարգիչը եւ արթուն միտքը տնօրէնն է։ Ան տիպար ուսուցիչի մը բոլոր յատկութիւններով օժտուած դպրոցին ղեկավարն ու օրէնքի մարդն է։ Տնօրէնը ուսուցիչներու գործակիցն է, խորհրդատուն է եւ ուղեցոյցը։ Ան հետեւողական քննիչ է, արդար հսկիչ է եւ առողջ կապը՝ ուսուցիչ-աշակերտ-ծնողք-խնամակալ քառեակին։ Իր ներկայութեամբ դպրոցը ուսումնարան է եւ կրթութեան օճախ։

Իսկ հայ դպրոցին մեքենավարը եւ մղիչ ուժը դպրոցին հոգաբարձութիւն-խնամակալութիւն-կրթական մարմինն է, որ կը մատակարարէ դպրոցին տնտեսութիւնը, կը հսկէ դպրոցի շինարարական աշխատանքներուն, կը հետեւի տնօրէնի եւ ուսուցչական կազմի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ՝ դպրոցի կրթական-ուսումնական ծրագիրներու իրագործումին։ Հոգաբարձութեան-խնամակալութեան-կրթական մարմնի անսակարկ նուիրումով, անսահման զոհողութիւններով, անշահախնդիր աշխատանքով եւ առողջ յարաբերութիւններով կ’երաշխաւորուի հայ դպրոցին գոյութիւնը։

Տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ հայկական կրթական հաստատութիւն մը պահելը շատ զոհողութիւններ կ’ենթադրէ։ Այս զոհողութիւններով կ’երաշխաւորուի հայ դպրոցի գոյատեւումը։ Ճիշդ է, որ ազգային մարմիններ, բարեսիրական հաստատութիւններ, հոգաբարձութիւն-խնամակալութիւն-կրթական մարմին եւ այլ ազգային բարերարներ նեցուկ կը կանգնին հայ դպրոցին, այսուհանդերձ հայ դպրոցը միշտ գտնուած է տնտեսական ծանր եւ մտահոգիչ կացութեան մէջ, որ մեզ բոլորս կը դնէ լուրջ պատասխանատուութեան մը դէմ յանդիման։ Հայ դպրոցը կը պատկանի իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին, հայ ծնողքին. հետեւաբար ծնողք տէր կանգնելու են իրենց պաշտելի հայ դպրոցին եւ յանձնարութեամբ կատարելու են իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները։

 

 

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.