«Հայ դպրոցը մեր գոյութեան կռուանն է». Յովիկ Գույումճեան
- (0)

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Սողոմոն Թեհլիրեան Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յովիկ Գույումճեանի խօսքը՝ արտասանուած «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային կեդրոնի բացման հանդիսութեան ընթացքին (20 սեպտեմբեր 2026)։
Սիրելի՛ հայրենակիցներ.
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անունով մեծ ուրախութեամբ կ’ողջունենք ձեր ներկայութիւնը, Նարեկ Կրթական եւ Մշակութային կեդրոնի բացման այս հանդիսութեան եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ այսօր մեզի հետ կը բաժնէք մեր գաղութի այս կարեւոր հանգրուանի մեկնարկը։
Այսօրուան հանդիսութիւնը նոր շէնքի մը բացումէն շատ աւելին է։ Անիկա մեր համայնքի աճին, կենսունակութեան եւ իր ապագային նկատմամբ ունեցած հաւատքին շօշափելի արտայայտութիւնն է։ Այս նոր կեդրոնը ծնունդ առաւ պարզ իրականութենէ մը․ մեր ունեցած կառոյցները այլեւս չէին կրնար լիովին գոհացնել մեր համայնքի բնական աճման եւ կրթական կարիքներուն պահանջները։
ՀՕՄ-ի մեր ամէնօրեայ վարժարանը, որ կը գործէ Հայ կեդրոնի եւ Հայ Երիտասարդական կեդրոնի շէնքերուն մէջ, տասնամեակներ շարունակ ծառայած է եւ կը շարունակէ ծառայել մեր գաղութի զաւակներուն։ Սակայն հասած էինք հանգրուանի մը, ուր անհրաժեշտ էր նոր քայլ մը առնել։ Ոչ թէ պարզապէս նոր շէնք մը ունենալու համար, այլ որպէսզի հայկական կրթութիւն փնտռող որեւէ ընտանիքի երբեք ստիպուած չըլլանք ըսելու՝ «Մեր վարժարանին մէջ ձեր զաւկին համար տեղ չկայ»։ Եթէ այսօրուան համար բնաբան մը պիտի ընտրէինք, թերեւս ամէնէն հարազատը ըլլար՝ «Ո՛չ մէկ հայ մանուկ՝ հայ դպրոցէն հեռու»։ Այս սկզբունքը խոր արմատներ ունի մեր հաւաքական փորձառութեան մէջ։
Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդին առաջին նպատակը պարզապէս գոյատեւելն էր՝ վերականգնել ընտանիքը, վերագտնել մարդկային արժանապատուութիւնը եւ վերստին ոտքի կանգնիլ։ Սակայն շատ չանցած անոնք հասկցան, որ միայն ապրիլը բաւարար չէր․ պէտք էր նաեւ պահպանել հայ ժողովուրդի շարունակականութիւնը։
Ահա թէ ինչո՛ւ նորաստեղծ գաղթօճախներուն մէջ եկեղեցին, դպրոցը եւ ազգային հաստատութիւնները դարձան առաջնահերթութիւն։ Այդ ոգին շարունակեցին մեր հայրերն ու մայրերը։ Սահմանափակ միջոցներով նոյնիսկ՝ անոնք ստանձնեցին մեծ նախաձեռնութիւններ։ Անոնք կրնային բաւարարուիլ իրենց անձնական բարեկեցութեամբ, բայց ընտրեցին համայնք կերտելու ճանապարհը՝ հաստատելով եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ ազգային կեդրոններ․ անոնք կը հաւատային, որ համայնքի ապագան կերտելու համար երբեմն պէտք է համարձակիլ մեծ քայլերու դիմել։
Եւ այսօր, մեր վարժարանի ընդլայնումով, մենք եւս կը շարունակենք այդ նոյն յանձնառութիւնը։ Այս շէնքին արժէքը պէտք չէ չափել միայն իր պատերով կամ դասարաններով։ Անոր իսկական արժէքը այն կեանքն է, որ պիտի ստեղծուի այս պատերէն ներս։
Այստեղ պիտի ջամբուի ոչ միայն կրթութիւն, այլ նաեւ ազգային դաստիարակութիւն եւ պատկանելիութեան զգացումի խորացում։
Մեր նպատակը ազգային ամուր դիմագիծ ունեցող, կրթուած, ինքնավստահ եւ լայնախոհ հայ երիտասարդին կազմաւորումն է։ Երիտասարդ մը, որ բաց է աշխարհին, լիարժէք մասնակից՝ իր ապրած երկրի կեանքին, բայց երբեք չի կորսնցներ այն գիտակցութիւնը, թէ ո՛վ է ինք, ուրկէ՛ կու գայ եւ ի՛նչ պատասխանատուութիւն ունի իր ժողովուրդին նկատմամբ։ Ահա ա՛յս է հայ ամրոցի առանձնայատուկ առաքելութիւնը՝ փոխանցել մեր լեզուն, մշակոյթն ու պատմութիւնը եւ անոնց միջոցով ամրապնդել ազգային ինքնութիւնն ու պատկանելիութեան զգացումը։
Այս իմաստով, այսօրուան բացումը նաեւ յայտարարութիւն մըն է մեր համայնքի ապագային մասին։
Մեր համայնքը իր շարունակականութիւնը պատահականութեան չի ձգեր։ Բազմացող պահանջներուն դիմաց չի նահանջեր, այլ կը ստեղծէ նոր կարելիութիւններ։ Այս պատերէն ներս պիտի անցնին երիտասարդներ, որոնք վաղը պիտի դառնան մասնագէտներ, մտաւորականներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ, ուսուցիչներ եւ համայնքային պատասխանատուներ։ Անոնցմէ ոմանք օր մը պիտի ստանձնեն նաեւ այս համայնքի առաջնորդութիւնը․ Սակայն անոնց առաքելութիւնը այս համայնքի սահմաններուն մէջ չի վերջանար, որովհետեւ զօրաւոր Սփիւռքը նաեւ զօրաւոր Հայաստանի գրաւականն է։
Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակի նախօրեակին, երբ մեր ժողովուրդը տակաւին կը կրէ Արցախի հայութեան տեղահանութեան ծանր հետեւանքները, այս համոզումը մեզի համար աւելի խոր իմաստ կը ստանայ։ Մեր պատասխանատուութիւնն է ամուր պահել հայութիւնը, ուր որ ալ գտնուի, եւ այդ ուժը ծառայեցնել Հայաստանի հզօրացման։ Մենք կը հաւատանք, որ այստեղ կրթուած սերունդները իրենց կարեւոր բաժինը պիտի ունենան այս աշխատանքին մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ այս շէնքին բացումը միայն այսօրուան կարիքներուն պատասխան մը չէ։ Անիկա ապագային ուղղուած երկարաժամկէտ յանձնառութիւն մըն է։
Այս առիթով մեր ջերմ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին այս նախաձեռնութեան եւ իրենց ժամանակը, աշխատանքը, փորձառութիւնն ու նիւթական միջոցները տրամադրեցին անոր իրականացման։
Յատուկ երախտագիտութեամբ կ’ուզենք անդրադառնալ նաեւ Հասըրճեան ընտանիքին, որ իր նշանակալի նուիրատուութեամբ առանցքային դեր ունեցաւ այս ծրագրի իրականացման մէջ։ Թող այս դասարանները լեցուին աշակերտներով, այս միջանցքներուն մէջ հնչէ հայերէն լեզուն ու երաժշտութիւնը, եւ այս կեդրոնէն դուրս գան սերունդներ, որոնք ոչ միայն ձեռք պիտի բերեն գիտելիքներ ու վկայականներ, այլ նաեւ՝ ազգային պատկանելիութեան եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութիւն՝ Միայն ա՛յն ատեն է, որ այս կեդրոնը լիովին ծառայած պիտի ըլլայ իր առաքելութեան եւ պիտի դառնայ մեր համայնքի շարունակականութեան ամրոցներէն մէկը:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ.
Այսօր մենք միասին նոր էջ մը կը բանանք, եւ այդ նոր էջին վրայ մեր յանձնառութիւնը պէտք է ըլլայ յստակ ու անսակարկ։ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ՄԵՐ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԿՌՈՒԱՆՆ Է․ եւ քանի դեռ կայ հայ մանուկ մը, որուն ձեռքը կրնանք բռնել եւ առաջնորդել դէպի հայկական դպրոց ու կեդրոն, մենք իրաւունք չունինք յոգնելու, իրաւունք չունինք թերանալու եւ իրաւունք չունինք ձախողելու․ մեր նախորդները կատարեցին իրենց պարտքը եւ այսօր հերթը մերն է՝ մեր բոլորին հերթը։ Եկէ՛ք ըմբռնենք այս պահուն ամբողջական իմաստը, միացնենք մեր ճիգերը եւ միանանք այս սուրբ առաքելութեան շուրջ, որպէսզի այս տեսիլքը դառնայ իրականութիւն։