Հայ Դատի վաւերագրուած լուծումը՝ Սեւրի պայմանագիրը. Խմբագրական

«Սեւրն է միակ հնարաւոր լուծումը Հայ Դատի եւ պսակումը հայ ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի»

Սարգիս Զէյթլեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

Հայ ժողովուրդի գոյատեւելիութեան եւ միաւորուած տարածքով պետականութեան վաւերական փաստաթուղթը կը հանդիսանայ 100 տարի առաջ ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը։

Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, Օգոստոս 10-ին, Ֆրանսայի մէջ ստորագրուած միջազգային այս պայմանագրի Հայաստանի բաժինը կ՚ընդգրկէր 88-93-րդ յօդուածները։ Այդ յօդուածներու ընդհանուր պարունակին մէջ Թուրքիան կը ճանչնար Հայաստանի անկախութիւնը եւ երկու կողմերը կը համաձայնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներուն գծով երկու պետութիւններու միջեւ սահմանազատումը վստահիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրաւարարութեան։

Բացի երկու երկիրներու միջեւ աշխարհագրական սահմանազատման հարցէն, Սեւրի դաշնագիրը, առաջին անգամ ըլլալով Ցեղասպանութեան գործադրած Թուրքիոյ կը պարտադրէր հատուցումներ կատարելու եւ բռնագրաւուած անշարժ գոյքերը սեփականատէրերուն հատուցելու պարտաւորութիւնը։

Պայմանագրի 89-րդ յօդուածով Թուրքիան և Հայաստանը կը պայմանւորուին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի և Պիթլիսի նահանգներու Թուրքիայի և Հայաստանի միջև սահմանագծման պարտականութիւնը յանձնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրաւարարութեան։

1920 թուականի Նոյեմբեր 22-ին Ամերիկայի Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընը ստորագրեց վերջնական զեկոյցը, որուն խորագիրն էր «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումը Թուրքիոյ և Հայաստանի միջև սահմաններու, Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու և Հայաստանին յարակից թրքական տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ»։ Նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով՝ Հայաստանին յանձնուող տարածքը 103,599 քառակուսի  քիլոմեթր էր, որը միաւորուելով Անդրկովկասի մէջ արդէն երկու տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ հայկական միացեալ անկախ պետութիւնը պիտի ունենար 160 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն՝ եւ Տրապիզոնի նահանգով ելք՝ դէպի Սեւ ծով։

Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ սահմանագծին յարող օսմանեան բոլոր տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ Ուիլսընեան վճիռը իրաւամբ Հայոց Պատմութեան մեծագոյն ռազմավարական յաղթանակներէն մէկն է, որ աւաղ օրուան աշխարհաքաղաքական աննպաստ պայմաններուն, եւ քաղաքական տարբեր ուժերու շահերու բախման պատճառով՝ կեանքի չկոչուեցաւ:

Այսօր, Թուրքիոյ կողմէ պատմական Հայաստանի բռնագրաւումը, ազգասպանութիւնը, պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը,  ուրացումն ու ժխտողականութիւնը՝ Թուրքիոյ պետութիւնը կը տեղադրեն յանցագործութեան աթոռին։ Անարդարութիւնը եւ պատմական խոցը դարմանելու միակ ելքը՝ հատուցումն է, որ կ՚ենթադրէ հատուցել Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին կրած ֆինանսական եւ գոյքային կորուստները, մշակութային քաղաքակրթական եւ ժողովրդագրական կորուստները։ Սեւրի Ուիլսընեան վճիռը այդ հատուցման գրեթէ ամբողջական փաթեթը պարփակող լաւագոյն վաւերաթուղթն է։

Ա ՄՆ նախագահ Վիլսոնի իրաւարար վճիռը հայութեան պահանջատիրական դատին կը  հաղորդէ իւրայատուկ ուժ, ընդ որում, Հայաստանն ու հայութիւնը տիրացան՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հայութեան տեսլականը նուիրագործող միջազգային Իրաւունքի անժամանցելի իրաւաթուղթին։

Փոքր Ասիա-Հայկական բարձրավանդակ-Մերձաւոր Արեւելք տարածաշրջանի քաղաքական քարտէսներու վերադասաւորման քաոսին մէջ, աշխարհաքաղաքական եւ կրօնամշակութային հրատապ հիմնախնդիրներով շեշտադրուած պատմութեան ներկայ հոլովոյթին յամընթաց, քաղաքական անլոյծ բազում բեւեռացումներ դեռեւս անթեղուած վիճակի մէջ են, որոնց առկայծումը մէկ օրէն միւսը կրնայ հիմնովին վերագծել շատ մը սահմաններ, այնպէս ինչպէս կը պատահի եւրոպական ճակատին վրայ։

Կարսի, Արտահանի, Սուրմալուի, Պիթլիսի ու Տրապիզոնի վրայ կը սաւառնի «Սեւրի ստուերը», որովհետեւ, Հայոց ցեղասպանութեամբ, ազգաբնաջնջմամբ, հողազրկմամբ ու հայրենազրկմամբ բնորոշուող Հայկական Հարցը՝ իր բովանդակ էութեամբ առ այսօր անլոյծ է եւ իր իրաւական արդար հանգուցալուծման կը սպասէ. իսկ Հայ Դատի լուծումը՝ հայ ազգին ու հայոց պետականութեան համար այսօր եւ վաղը այլեւս կենսագոյութեան հարց է, ճանաչումէն եւ դատապարտումէն անդին՝ հատուցման հարց է։

Մեր իրաւունքներուն տէր կանգնելու համար, մեր գոյատեւման պատուանդանները հզօրացնելու ու Սեւրի ուղին նուիրագործելու համար, այսօր մեզ անհրաժեշտ է Մարտակերտէն մինչեւ Տաւուշ ու Սփիւռք՝ համահայկական միասնութիւն եւ նպատակաուղղուած պայքարի ուժականութիւն։

Խմբագրական «Հորիզոն»ի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.