Պահանջատիրութեան երթը անվկանդ շարունակելու վճռակամութեամբ. ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

(Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նուիրահաւաքին առիթով)

«Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի ետեւը ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանուէր անձնազոհութեամբ: Նա համոզուած է նաեւ, որ եթէ նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծուի Հայկական Դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար՝ դարձեալ դաշնակցականներն են շարժելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նուիրաբերելու առաջին լուման – լինի նա չարքաշ աշխատանք, դրամ թէ արիւն – որպէսզի գործը քալէ»:

Արշակ Ջամալեան

Առաջին Հանրապետութեան հաղորդակցութեան ճանապարհներու նախարար

Գանատայի հայ համայնքին համար անծանօթ չեն աւելի քան կէս դար ժամանակահատուածի վրայ երկարող ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին արձանագրած իրագործումները։ Յանձնախումբի առաքելութեանց կիզակեդրոնը կը կազմեն Արեւմտահայաստանի պահանջատիրական դատը, Արցախի ինքնորոշման հարցը, Ջաւախքի հայութեան խնդիրը, ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան սատարման գծով դիւանագիտական բազմաբնոյթ աշխատանքները…

2006 թուականի Ապրիլ 25-էն ի վեր, Օթթաուայի մէջ ներկայութիւն է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, որ իբրեւ Հայ Դատի աշխատանքներու գործադիր կեդրոն՝ Ուաշինկթընի, Մոսկուայի, Պրիւքսէլի, Պէյրութի եւ Երեւանի գրասենեակներուն հետ զուգահեռ կը կատարէ իր յանձնակատարութիւնը:

Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակը, իր նպատակաուղղուած եւ բազմաբեւեռ աշխատանքային ծիրով, 13 տարիէ ի վեր, որպէս ազդեցիկ կեդրոն, կը գործէ տեղեկատուական եւ յարաբերական բնագաւառներէն ներս:

Գանատայի մէջ, շնորհիւ Հայ Դատի յանձնախումբին ի գործ դրած երկարամեայ մաքառումներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով գանատական ծերակոյտն ու խորհրդարանը ընդունած են ցեղասպանութիւնը հաստատող եւ ճանչցող բանաձեւեր, իսկ դաշնակցային կառավարութեան կողմէ, 2006 Ապրիլ 21-ին վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի կատարած յայտարարութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Գանատայի պետական քաղաքականութեան անբաժանելի մասնիկ է։

2018 Նոյեմբեր 24-ին, Վանգուվըրի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբին 2019 թուականի համագանատական նուիրահաւաքին, որուն ընթացքին Պրիթիշ Գոլոմպիոյ հայութիւնը, հաւատարիմ անցեալի իր աւանդին, 62 հազար տոլար հանգանակեց ի նպաստ յանձնախումբին ազգանուէր առաքելութեան։ Հայ Դատի ուխտապահ համակիրներու բանակը եկաւ հաստատելու, որ ազգային մեր իղձերու, քաղաքական նպատակներու ու ծրագիրներու իրագործման համար գանատահայութիւնը կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ եւ հաւատարիմ է Հայ Դատի արդար հանգուցալուծման տեսլականին։

Վստահաբար, Թորոնթոյի, Մոնթրէալի եւ Գանատայի հայ համայնքի միւս ոստաններուն մէջ կայանալիք նուիրահաւաքներուն ընթացքին, մեր հայրենակիցները իրենց լիաբուռն մասնակցութիւնը պիտի բերեն եւ պիտի անսան Հայ Դատի կոչին։

Տասնամեակներու իր փորձառութեամբ, Հայ Դատի յանձնախումբը գիտակից է, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անվտանգութիւնը այսօր համահիւսուած է, եւ քաղաքական քարոզչութեան հարթակի վրայ այդ անվտանգութեան ընթերակայ երաշխաւորը՝ աշխարհատարած Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակներն են։ Աշխարհագրական մէկ ու ամբողջական տարածութեամբ հայրենի հողի վրայ, անկախ ու ինքնիշխան երկրի միաւորուած երկնակամարին ներքոյ ապրելու տեսլականով՝ Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց գործադաշտը ծաւալելու վճռակամութեամբ պիտի շարունակեն հայրենակերտման առաքելութիւնը։

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՀՈՐԻԶՈՆ»Ի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.