Հայ գերիներու հարցով նոր քայլ՝ ԱՄՆ Քոնկրեսի յանձնաժողովին մէջ
- (0)

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը շուտով քուէարկութեան պիտի դնէ օրէնսդրական փոփոխութիւն մը, որ կոչ կ՚ուղղէ Ատրպէյճանին անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիներն ու քաղբանտարկեալները։
Փոփոխութիւնը ներկայացուցած է քոնկրեսական Պրատ Շըրմընը՝ Դիւանագիտական ծառայութեան մասին օրէնքի (H.R. 9086) քննարկման ընթացքին։ Իր ելոյթին ընթացքին ան յիշեցուցած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը, աւելի քան 100 հազար հայերու բռնի տեղահանութիւնը եւ համացանցով տարածուած այն տեսանիւթերը, որոնք կը փաստեն հայ գերիներու դէմ գործուած վայրաքութիւնները։
Շըրմըն շեշտած է, որ հայ գերիներու եւ քաղբանտարկեալներու ազատ արձակումը կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։
Յանձնաժողովի նախագահ Պրայըն Մասթը իր աջակցութիւնը յայտնած է առաջարկին, իսկ ընդունուելու պարագային ան պիտի փոխանցուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար քննարկման։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCA) ողջունած է նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի մէջ հայ պատանդներու ապօրինի կալանաւորումը մարդու իրաւունքներու լուրջ ճգնաժամ մըն է եւ կը պահանջէ վճռական օրէնսդրական քայլեր։