«Հայ բժիշկներուն, ատամնաբոյժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին»

Նոր հրատարակութիւն

«Հայ բժիշկներուն, ատամնաբոյժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին», բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնթրէալ, 2018, 218 էջ, պատկերազարդ:

Ապրիլ 24, 1985-ին, Մեծ եղեռնի 70-ամեակին առիթով, «Նաւասարդ»ի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Բ. տպագրութիւնը Թէոդիկի «Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան» հատորը, ուր հանգուցեալ հեղինակը ներկայացուցած է մարտիրոսագրութիւնը «մտաւորականներու, Հիբոկրատի աշակերտներու, Հայ Առաքելական եւ Հռոմէական եկեղեցականներու», որպէս փաստաթուղթ ապագայի ուսումնասէրներու:

Հաւանական է, որ բժիշկ Հարպոյեան նոյն ոգիով ու մտադրութեամբ ձեռնարկած է յիշեալ աշխատանքին, ուսումնասիրելով 28 մենագրութիւններ եւ տոքթ. Գասպար Կարոյեանի եւ բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի կողմէ օգտագործուած 122 աղբիւրները (էջ 206-217):

«Ցեղասպանութեան մասին փաստագրական այս հատորը, կ՚ըսէ Ս. Մահսէրէճեան, իր «Խղճի պարտք մը» խօսքին մէջ, բարեբախտաբար անապատի մէջ ծլած միայնակ ծաղիկ չէ, անիկա մաս կը կազմէ հրատարակութիւններու այն շարքին, որ սկիզբ առած է մօտաւորապէս 100 տարի առաջ, Ցեղասպանութեան վաղորդայնին, սկիզբէն վեր առած է հայ մտաւորականութեան եւ առաջնորդի հանգամանք վայելած դէմքերու կորուստին տարողութիւնը, իսկ վերջին տարիներուն, տարաբնոյթ ուսումնասիրութիւններու ճամբով կը ներգրաւէ նաեւ երիտասարդ հեղինակներ ու պրպտողներ: Այս առումով, հատորը իր պատուանդանը կը գրաւէ Ցեղասպանութեան ծալքերու ծանօթացման շրջագիծին մէջ ու կրնայ աղբիւր ծառայել աւելի ծաւալուն ուսումնասիրութիւններու» (էջ 10-11):

Բժիշկ Հարպոյեանի տուեալներով.-

ա.- նահատակուած են 198 բժիշկ, 16 ատամնաբոյժ, 100 դեղագործ, 2 անասնաբոյժ:

բ.- Ժանտախտէ մահացած են 54 բժիշկ, 4 ատամնաբոյժ, 21 դեղագործ:

գ.- Վերապրած են 71 բժիշկ, 17 դեղագործ, 7 ատամնաբոյժ, 2 անասնաբոյժ (էջ 43-182):

«Ես, իբրեւ վերապրողներու զաւակ ու անոնց տառապանքներուն ժառանգորդը, նաեւ իբրեւ բժիշկ, կ“եզրակացնէ հեղինակը, պարտ զգացի անդրադառնալ Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին հայ բժիշկներու, ատամնաբոյժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին, արթնութեան հրաւիրելու համար ներկայ դարուն ապրող բժշկական դասի բոլոր անդամները, յուշելու, որ մեր ճիտին պարտքն է չմոռնալ մեր նահատակ գործընկերները, հետապնդել մեր արդար դատը, մնալ պահանջատէր եւ գործել ի նպաստ արդարութեան եւ խաղաղութեան» (էջ 12):

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Բաբգէն Արք. Չարեան, իր «Օրհնութեան խօսք»ին մէջ հետեւեալ գնահատականը ըրած է.

«գիրքը: Ես կը դժուարանամ բնութագրում մը տալ այս գրքին, գանձարա՞ն, յիշատակարա՞ն, պատմարա՞ն…: Ի՞նչ անուն ալ տանք՝ համահունչ է անոր բովանդակութեան, որ վաւերագրական արժէք է. կը ներկայացնէ անուանացանկ, կենսագրականներ ու պատկերներ բոլոր այն բժիշկներուն, որոնցմէ շատեր Հայոց ցեղասպանութեանընթացքին նահատակուեցան, ոմանք պատնէշի վրայ մնացին, վիրաւորներու եւ հիւանդներու կողքին կանգնելով անոնց նուիրուեցան խնամքով, անոնց ցաւերը ամոքելով: Այս նուիրական առաքելութեան մէջ, սակայն, դժբախտաբար, անոնցմէ ոմանք ժանտախտէն մահացան, իսկ ուրիշներ ալ զոհուեցան: Այս գիրքը մոռացութենէ կը փրկէ հոյլ մը անուններ, այլապէս հարիւր հազարաւորներու հետ, այդ անուններն ալ պիտի չունենային պատկեր, կենսագրութիւն եւ յիշատակ…: Յարգանքի ամենաազնիւ դրսեւորում կ“որակեմ այս գիրքը հեղինակին կողմէ իր նահատակ գործակիցներուն նկատմամբ» (էջ 7-8):

Հատորին մեկենասութիւնը ստանձնած է Լոս Անճելոսի «Արարատ» Տան Էսքիճեան թանգարանի տնօրէնութիւնը: Տպագրութիւնը իրագործած է մելան հաստատութիւնը: Կողքը ձեւաւորած է արուեստագէտ պրն. Եղիա Պէքմէզեան: Գիրքը ձօնուած է հեղինակին ծնողաց անթառամ յիշատակին:

Շնորհապարտ ենք բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին իր այս յոգնաջան հետազօտական երկասիրութեան համար. իրեն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ յառաջիկայ նախաձեռնումներուն:

Բաբգէն Թօփճեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.