Հայերուն մոռցուած եղբայրները՝ Ուտիները

Զօրավար Մովսէս Սիլիկեան եւ Սարգիս Կուկունեան

Ուտիներու դժուար անցեալն ու տխուր ներկան

Այսօր քիչերը կը յիշեն, որ ներկայ Ատրպէյճանի տարածքին բնակող տեղաբնիկ փոքրաթիւ ժողովուրդներէն մէկը՝ ուտիները, դարեր շարունակ հայկական հոգեւորմշակութային դաշտին մաս կազմած են, դարձեր հայ ժողովուրդի ոչ արիւնակից եղբայրները։ PanARMENIAN համառօտ ձեւով կը ներկայացնէ, թէ ովքե՛ր են ուտիները եւ ի՛նչ կապ ունին հայերուն հետ։

Ովքե՞ր են ուտիները

Ուտիները կամ ուդիները պատմական Կովկասեան Աղվանքի (Բուն Աղվանք, Կուր գետէն դէպի արեւելք՝ մինչեւ Կովկասեան լեռնաշղթայ տարածուող հին պատմաաշխարհագրական տարածաշրջան) հնագոյն ժողովուրդներէն միակն են, որոնք ոչ միայն դարերու ընթացքին պահպանած են իրենց գոյութիւնը եւ հասած մինչեւ մեր օրերը, այլեւ մնացած են քրիստոնէական կրօնքին հետեւորդներ։ Սակայն ուտիներու մէկ մասը զերծ չէ մնացեր մահմետականացումէն եւ թրքալեզուացումէն։ Ուտիներու լեզուն կը պատկանի Կովկասեան լեզուներու լեզգիական խումբին։

Ուտիները խիստ փոքրաթիւ ժողովուրդ են՝ ընդհանուր առմամբ մինչեւ 10 հազար հոգի, որոնց մէկ մասը կ’ապրի պատմական հայրենիքին մէջ՝ ներկայիս Ատրպէյճանի Գաբալայի շրջանի Նիժ եւ Օղուզի շրջանի Օղուզ (մինչեւ 1991 թ Վարդաշէն) գիւղերուն մէջ։ Մնացածը կը բնակին Ռուսաստանի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ մէջ, փոքրաթիւ (մինչեւ 200 հոգի) համայնք կայ նաեւ Հայաստանի մէջ՝ հիմնականօրէն Տաւուշի մարզին մէջ։

Ուտիներու վերջին 2 գիւղերը՝ Ատրպէյճանի տարածքին

Ուտիներու պատմական ճակատագիրը ամենասերտ կապերով կ’առնչուի հայերու պատմութեան ընթացքին՝ այն աստիճան, որ արդէն 18-19-րդ դարերուն իրենք իրենց համարած են հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը, զգալիօրէն հայացեր են՝ իրենց դաւանական պատկանելիութեամբ, մշակոյթով ու նիստուկացով (բնականաբար, ազգային առանձնայատկութիւնները պահպանելով հանդերձ), հայ ազատագրական պայքարին իրենց անմնացորդ նուիրումով։ Պատահական չէ, որ 1720-ական թթ. հայերէն գրուած նամակով մը ուտիները, նկարագրելով իրենց ծանր կացութիւնը, կը գրեն, թէ «ցերեկները թրքութիւն կ’ընեն, իսկ գիշերները՝ հայութիւն»։

Հայերու հետ ինքնանոյնացումը եւ օտարներու կողմէ յաճախ ուտիներն ու հայերը չտարանջատելը այն գլխաւոր պատճառներէն էին, որոնց հետեւանքով 1980-ական թթվերջին՝ հայատրպէյճանական հակամարտութեան բռնկումէն անմիջապէս ետք, ատրպէյճանական իշխանութիւններուն բռնաճնշումներուն ենթարկուեցան նաեւ ուտիները։ Անոնցմէ շատերը (թէ՛ ուտիախօս, թէ՛ ատրպէյճանախօս ուտիները) հայերու նման ստիպուած էին լքել հայրենի բնակավայրերն ու բռնագաղթել (հիմնականօրէն դէպի Ռուսաստան)։

Ի վերջոյ, ի՞նչն էր հայերն ու ուտիները միաւորողը։

Մէկ կրօն, մէկ ճակատագիր

Հայուտիական եզակի սերտ կապերուն արմատները շատ խոր են՝ սկսած 4-րդ դարէն, երբ Հայաստանի եւ Աղվանքի մէջ (ուտիներու նախնիներու հայրենիքը) քրիստոնէութիւնը պետական կրօն դարձաւ։ Սկիզբէն աղվանական եկեղեցին դաւանական միութեան մէջ էր հայոց եկեղեցւոյ հետ, ապա լիովին ձուլուեցաւ հայ եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ։ Այնուհետեւ արաբական տիրապետութենէն ետք տեղտեղ քրիստոնէական շերտը պահպանած Աղվանքի տարածքը հայոց հոգեւոր, մշակութային, երբեմն նաեւ քաղաքական գերիշխանութեան սահմաններուն մէջ էր։ Դարերու ընթացքին աղվանական ցեղերու մեծ մասը ձուլուեցաւվերացաւ, եւ միայն փոքրաթիւ ուտիները, ըլլալով հայ եկեղեցւոյ հետեւորդներ, կրցան պահպանել իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը։

Քանի որ միջին դարերուն մեծապէս դաւանանքով կ’որոշուէր ազգութիւնը, ուստի թէ՛ ուտիները իրենք իրենց, թէ՛ հայերը եւ օտարները զիրենք հայ համարած են։ Կենցաղով հիմնականօրէն ըլլալով ուտիախօս՝ անոնք գերազանցապէս տիրապետած են հայոց լեզուին, օգտագործած են հայոց գիրը։ Եկեղեցական արարողութիւնները կատարուած են հայկական ծէսով եւ հայերէն։ Ուտիները ունեցած են (ունին) հիմնականօրէն հայկական անունազգանուններ, հայկական դպրոցներ, հայատառ արձանագրութիւններով եկեղեցիներ ու տապանաքարեր։

11-րդ դարէն սկսած, Վրաստանի հզօրութեան ժամանակաշրջանին, ուտիներու մէկ մասը վրացական դաւանանք՝ քաղկեդոնականութիւն, ընդունեց եւ հեռացաւ հայկական ազդեցութենէն։ Հայ առաքելական եւ քաղկեդոնական ուտիները տարբերակելու համար յաճախ զանոնք անուանած են «հայ ուտի» եւ «գիւրջի (վրացի) ուտի»։

Ուտիներուն մեծ մասը, սակայն, միջին դարերուն աստիճանաբար մահմետականացուեր է, կորսնցուցեր է ուտիերէն լեզուն։ Մահմետականացման ու թրքացման ամենամեծ ալիքներէն մէկը տեղի ունեցեր է 18-19-րդ դարերուն։ 1905-1906 թթ., 1918-20 թթ. հայերուն հետ միասին ջարդերու եւ բռնագաղթի ենթարկուեր են նաեւ ուտիները` շուրջ 8 հազարէն կոտորուեր են մօտ 3,5 հազարը։ 1980-ականներուն Ատրպէյճանի տարածքին քրիստոնեայ ուտիախօս ընդամէնը երկու գիւղ մնացեր էր՝ Նիժը եւ Վարդաշէնը, եւ եւս երեք ատրպէյճանախօս քրիստոնեայ ուտի բնակչութեամբ գիւղեր։ Ներկայիս Ատրպէյճանի ազգային փոքրամասնութիւններու ձուլման քաղաքականութեան որպէս արդիւնք ուտիներուն թիւը շարունակ կը նվազի։ Օրինակ, եթէ մինչեւ 1950-ականները Վարդաշէնի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը ուտիներ եւ հայեր էին, ապա ներկայիս մնացեր են ընդամէնը 20-էն պակաս ուտի ընտանիքներ, իսկ ամբողջ Ատրպէյճանի մէջ ուտիներուն թիւը չի գերազանցեր 4 հազարը։ Հետազօտողներու դիտարկմամբ այժմ Ատրպէյճանի մէջ մնացած ուտիներուն շրջանին մէջ մեծ թափով «վերափոխման», հայկականութենէ հրաժարման գործընթաց տեղի կ’ունենայ հայադաւան եկեղեցւոյ հետեւորդները զանգուածաբար անցեր են ուղղափառվրացադաւանութեան, կը փոխուին հայկական ազգանունները, Ատրպէյճանի պարտադրմամբ կը գրուին յօդուածներ, որոնց մէջ կը ժխտուին հայերու հետ ունեցած կապերն ու ազդեցութիւնները, իսկ 2004 թ նոյնիսկ Նիժ գիւղի հայադաւան Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ հայերէն արձանագրութիւնները ջնջուած են։

Ցաւօք սրտի, հայերուն բախտակից եղբայրները դարձած ուտիները այսօր գրեթէ լրիւ մոռցուած են հայերուն կողմէ, իսկ 1990-ականերու սկիզբը Ատրպէյճանէն Հայաստան՝ հիմնականօրէն Նոյեմբերեանի շրջան, գաղթած ուտիները (յատկապէս ատրպէյճանախօս ուտիները), որոնք կը ցանկային վերահաստատուիլ այդտեղ, պատշաճ աջակցութեան չարժանացան, եւ շատերը տեղափոխուեցան այլ երկիրներ՝ հիմնականօրէն Ռուսաստան։

Ուտիներու բազմամեայ գիտական հետազօտող ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեանը կը նշէ, որ երբ 1988 թ. Նոյեմբերի վերջըԴեկտեմբերի սկիզբը Շաքիէն, Վարդաշէնէն եւ Նիժէն Նոյեմբերեանի շրջան եկան ուտիախօս եւ ատրպէյճանախօս, բայց քրիստոնեայ ուտի ընտանիքներ, շրջանի ղեկավարը (կոմկուսի շրջկոմի առաջին քարտուղարը) սկզբնապէս չէր հասկացած, թէ ուտիները ովքե՛ր են եւ ինչո՛ւ փախած են Ատրպէյճանէն։ Յետոյ խնդիրը պարզուեր է, սակայն յաջորդ տարի Ատրպէյճանէն յատուկ բանագնացներ եկեր են՝ ատրպէյճանախօս ուտիները ետ հրաւիրելու Ատրպէյճան։ Եւ քանի որ վերջինները իրենց լեզուին պատճառով լաւ ընդունելութիւն չէին գտած հայերուն կողմէ, շատերը վերադարձան Ատրպէյճան։ Միւսները կա՛մ մնացին Հայաստան (փոքր մասը), կա՛մ արտագաղթեցին ծանր սոցիալտնտեսական պայմաններու պատճառով։ Ներկայիս Հայաստանի մէջ մնացած փոքրաթիւ ուտիները չունին նոյնիսկ ազգային փոքրամասնութեան պաշտօնական կարգավիճակ։

Հայ ժողովուրդի նշանաւոր ուտի զաւակները

Ինչպէս նշուեցաւ, ուտիներու՝ հայադաւան քրիստոնէական կրօնը պահպանած հատուածը 19-րդ դարուն (եւ անկէ ալ առաջ), պահպանելով հանդերձ սեփական ուրոյն ազգային ինքնագիտակցութիւնն ու մշակութային առանձնայատկութիւնները, զգալիօրէն հայացեր էր եւ մահմետական օտարներու շրջապատին մէջ ինքզինք լայն առումով հայ կը համարէր։ Ասոր լաւագոյն վկայութիւններէն մէկը՝ Սիլիկեաններու ուտի յայտնի գերդաստանի ներկայացուցիչ, Փեթերսպուրկի մէջ ուսանող Հայրապետ Սիլիկեանին հայերէն նամակն է (1877 թ.)՝ ուղղուած իր հայրենակից, Վարդաշէն գիւղի քահանայ Մկրտիչ ՄելիքՎարդազարեանցին «Գթառատ հայր իմ ես մանկութենէս պարապեր եմ հայկական մայրենի լեզուով իսկ ուտերէնին լաւ չեմ տիրապետեր, կը խնդրեմ, որ ինծի ուղարկէք այդ լեզուով երգեր ու բանաստեղծութիւններ, եթէ, ի հարկէ, կան»։

Մովսէս Սիլիկեանն ու Սարգիս Կուկունեանը

Հայուտիներէն ամենայայտնին, թերեւս, նշանաւոր զօրավար, Սարդարապատի ճակատամարտի հերոս, հայկական բանակի ժեներալլէյտէնանտ Մովսէս Սիլիկեանն է (1862-1937 թթ.)։ Ծնած է ուտիաբնակ Վարդաշէն գիւղը, եղած է հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ։ Ուշագրաւ փաստ մը կայ, ըստ որուն խորհրդային անվտանգութեան մարմիններուն կողմէ ձերբակալուելէ ետք՝ 1935 թ. Նոյեմբերին, իր ցուցմունքով Մ. Սիլիկեանը պարզաբաներ է, որ որոշ դէպքերու ժամանակ ազգութիւնը նշած է հայ, քանի որ շատերը չէին հասկնար, թէ ի՛նչ ազգութիւն է ուտին: Միւս նշանաւոր հայուտին հայ ազգայինազատագրկան շարժման ականաւոր գործիչ Սարգիս Կուկունեանն է (1863-1913 թթ.)։ Ծնած է ուտիաբնակ Նիժ գիւղը։ Յաճախած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ապա Սենթ Փեթերսպուրկի համալսարանը։ 1890 թ. իր կողմէ կազմակերպուած 107-հոգինոց զինուած խումբով Կարսէն փորձեր էր անցնիլ Արեւմտեան Հայաստան, սակայն մարտի բռնուեր էր ռուս սահմանապահներու հետ, ձերբակալուեր, դատապարտուեր երկարատեւ աքսորի ու տաժանակրութեան, ապա կարճատեւ ազատումէ ետք կրկին ազատազրկուեր ու մահացեր է բանտին մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.