«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 55.000  տոլարով կը մասնակցի լիբանանահայ վարժարաններու զօրակցութեան ճիգերուն

Չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը:

Հանդիպումին մարմինը վերահաստատեց, որ հիմնադրամը 55.000 ամ. տոլարի նուիրատուութեամբ կը մասնակցի լիբանանահայ վարժարաններու զօրակցութեան ճիգերուն: Նշեալ նուիրատուութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն մէջ վերստին իր աջակցութիւնը կը յայտնէ հայ դպրոցին` հաւատալով, որ դպրոցները հայրենիքէն դուրս բնակող հայորդիներու գոյատեւման գլխաւոր երաշխիքն է:

Յայտնենք, որ հիմնադրամը 2019-ի դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանին միջոցով 18 վարժարաններու տրամադրած էր 150.000 ամ. տոլարի նուիրատուութիւն:

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ քննելու Լիբանանը եւ գաղութը յուզող շարք մը խնդիրներ եւ տագնապներ` վերարժեւորելով Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.