«Հայաստան» խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ TRIPP-ի համաձայնագիրին՝ ահազանգելով ինքնիշխանութեան եւ փոխադարձութեան վտանգներուն մասին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովը հոկտեմբեր 27-ին քննարկած է Միացեալ Նահանգներու հետ կնքուած TRIPP ծրագրի ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագիրին վաւերացումը, մինչ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարած է, որ դէմ պիտի քուէարկէ նախագծին։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանին ներկայացուցած է համաձայնագիրին հիմնական դրոյթները, որոնց համաձայն՝ ծրագրի իրականացման համար նախատեսուած հայ-ամերիկեան ընկերութեան բաժնետոմսերուն 74 տոկոսը պիտի պատկանի ամերիկեան կողմին, իսկ 26 տոկոսը՝ Հայաստանին, նախնական 49 տարուան ժամանակաշրջանի մը համար։
Նախարարը պնդած է, որ Հայաստանը պիտի պահպանէ իր տարածքին նկատմամբ լիակատար ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը, ներառեալ սահմանային եւ մաքսային վերահսկողութիւնը։
Սակայն «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան յայտարարած է, որ թէեւ համաձայնագիրը ձեւականօրէն կնքուած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, անոր բովանդակութեան մէջ Ատրպէյճանի շահերը աւելի յստակ արտացոլուած են, քան Հայաստանի ակնկալուող օգուտները։
Գրիգորեան հարց բարձրացուցած է փոխադարձութեան սկզբունքին, Հայաստանի տնտեսական շահերուն եւ երկու երկիրներու տարածքներով անցնող փոխադրումներուն համար նախատեսուած պայմաններուն վերաբերեալ։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան իր կարգին զգուշացուցած է, որ TRIPP-ը կարելի չէ դիտարկել զուտ իբրեւ տնտեսական նախաձեռնութիւն՝ անտեսելով անոր աշխարհաքաղաքական եւ անվտանգային հետեւանքները։
Ան մտահոգութիւն յայտնած է երկարաժամկէտ զարգացման իրաւունքներու տրամադրման, տնտեսական օգուտներու յստակ հաշուարկներու բացակայութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման իրաւական երաշխիքներուն առնչութեամբ։
Ընդդիմութիւնը մասնաւորաբար կը շեշտէ, որ Ատրպէյճան պիտի ստանայ Նախիջեւանի հետ ռազմավարական հաղորդակցութիւն, մինչ Հայաստանի համար խոստացուած համարժէք օգուտներն ու պարտաւորութիւնները տակաւին բաւարար չափով չեն յստակացուած։
Խորհրդարանական քննարկումները նաեւ սահմանափակուած են երկու ժամով. արձանագրուած 27 հարցապնդող պատգամաւորներէն միայն երեքը կարելիութիւն ունեցած են հարցումներ ուղղելու նախարարին։
TRIPP-ի վաւերացման գործընթացը այսպիսով կը շարունակուի ընդդիմութեան լուրջ առարկութիւններուն պայմաններուն մէջ՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ ազգային շահերու պաշտպանութիւնը պահելով քաղաքական բանավէճին կեդրոնը։