Հայաստան եւ Թուրքիա քննարկած են փոխադրական կապերու վերականգնման հարցը

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուտաթեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուի հետ։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ անցեալին գործած երկաթուղային եւ ցամաքային կապերու վերականգնման առնչուող հարցեր։

Թուրքիոյ նախարարը հանդիպումին մասին տեղեկացուցած է Xի իր էջով՝ նշելով, որ քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ ժամանակին գործած ճանապարհային եւ երկաթուղային կապերը վերագործարկելու աշխատանքները։ Ան յայտնած է, որ թրքական կողմը սկսած է իր հատուածին մէջ անհրաժեշտ աշխատանքներուն, միաժամանակ գնահատելով հայկական կողմին կատարած նախապատրաստական գործընթացներուն յառաջընթացը։

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Մետաքսի ճանապարհի վրայ գտնուող պատմական Անիի կամուրջի վերականգնման հարցին։ Ուրալօղլուի համաձայն՝ քննարկուած են այն քայլերը, որոնք կրնան նպաստել կամուրջի վերականգնման եւ պահպանման։

Հանդիպումը տեղի ունեցած է այն օրերուն, երբ Պրիւքսէլի մէջ մեկնարկած է Եւրոպական Միութեան «Կապակցութեան օրակարգի հարթակ» նախաձեռնութիւնը, որ նպատակ ունի ամրապնդել Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ կապերը՝ Սեւ ծովի շրջանին եւ Հարաւային Կովկասի միջոցով։

Նախաձեռնութեան մասնակցած են ԵՄ անդամ պետութիւններու փոխադրութեան նախարարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Մոլտովայի, Տաճիկիստանի, Թուրքմենստանի, Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ եւ Ուզբեկստանի ներկայացուցիչներ։