«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչները Գիւմրիի Եւ Շիրակի Մարզի Համայնքներուն Մէջ Բազմամարդ Հանդիպումներ Եւ Հաւաքներ Կ՛ունենան

չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ին, Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական հանրահաւաքը: Մինչ այդ` դաշինքը Շիրակի մարզի Արթիկ, Մարալիկ, Աշոցք եւ Ամասիա համայնքներուն մէջ ընտրողներուն հետ ունեցաւ հանդիպումներ եւ հաւաքներ:

Գիւմրիի թատերական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի հանրահաւաք-հանդիպումը ընտրողներուն հետ:

Մարալիկի մէջ ընտրողներուն հետ հանդիպումին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ. «Մենք այն ժամանակ (1998-2008) շատ աւելի մեծ գումարներ ներդրած էինք աղէտի գօտիին մէջ: Երեւանի մէջ  յաջողեցանք այնպիսի միջավայր ստեղծել շինարարութեան տեսանկիւնէն, որ մասնաւոր ներդրումները մեծ հոսք ունեցան, եւ Երեւանի մէջ մենք պետական միջոց չենք ներդրած: Օրինակ` ամբողջ Հիւսիսային պողոտայի շինարարութիւնը մասնաւոր միջոցներով էր: Հիմա մեր ծրագիրներուն մէջ ունինք տարածքներու համաչափ զարգացում եւ այստեղ մենք պէտք է փորձենք ամէն ինչ ընել, որ ո՛չ միայն պիւտճէական միջոցներով մենք կարենանք ինչ որ բան զարգացնել, այլ նաեւ մեր հարկային քաղաքականութեան, որոշակի խրախուսումներով կամ անձնական կապերով այդ մասնաւոր ներդրումներու հոսքը ուղղորդել դէպի տարբեր տարածքներ: Ատիկա նուրբ աշխատանք կը պահանջէ: Պէտք է այնպիսի պայմաններ ստեղծել, որ ներդրողը գայ եւ բացի Երեւանէն այլ վայրերու մէջ ալ ներդրում կատարէ: Ասիկա պիտի ըլլայ մեր նպատակներէն մէկը», ըսաւ Ռ. Քոչարեան:

Նոյն հաւաքին (Մարալիկի մէջ ընտրողներուն հետ հանդիպումին), անդրադառնալով Հայաստանի զինուած ուժերու վիճակին, Հայաստանի երկրորդ նախագահը ըսաւ. «Յատկապէս հիմա երկրի անվտանգութիւնը  ունի լուրջ խնդիրներ, եւ մեր զինուած ուժերու վերականգնումով զբաղելէ բացի, մենք պէտք է փորձենք ռուսական ներկայութիւնը այստեղ դարձնել ժամանակակից»:

Աշոցքի մէջ «Հայաստան» դաշինքի քարոզարշաւի ժամանակ Շիրակի նախկին մարզպետ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան ըսաւ. «Երկրին համար ճակատագրական պահ է: Հասած ենք շատ կարեւոր փուլի, որմէ ետք պիտի որոշուի` Հայաստան պիտի ունենա՞նք, թէ՞ ոչ, մենք զմեզ պիտի վերագտնե՞նք, պիտի դառնա՞նք հզօր պետութիւն, որուն դիմաց բոլորը պիտի դողան, պիտի դառնա՞նք շրջանին մէջ մեծ խաղացող, թէ՞ շարքային», աւելցնելով, որ  20 յունիսին պէտք է ճիշդ ընտրութիւն կատարել` մեր ձայնը տանք այն քաղաքական գործիչներուն, որոնք իրենց ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ապացուցած են, որ ընդունակ են աշխատելու, որ իրենց տուած խոստումները կատարած են. «Պարզապէս ետ նայեցէք, տեսէք` ո՞ր խոստումը կատարած է այս իշխանութիւնը», ըսաւ Արթուր Խաչատրեան:

Նշենք նաեւ, որ Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանը երէկ` 16 յունիսին, Գիւմրի կատարած այցելութեան աւարտին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.