«Հայաստան» Դաշինքի Ժողովրդային Հանդիպումները` Գեղարքունիքի Մէջ

«Հայաստան» դաշինքը իր նախընտրական քարոզարշաւը աւարտեց 17 յունիսին, Գեղարքունիքի մէջ: Վերջին կանգառը Սեւան քաղաքն էր, անկէ առաջ դաշինքի ղեկավարները ժողովուրդին հետ սրահներու մէջ թէ բացօթեայ հանդիպումներ ունեցան Շորժայի, Վարդենիսի, Մարտունիի, Գաւառն եւ այլ համայնքներու մէջ:

Սեւան քաղաքի հրապարակը տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ, թէ արդէն շատ լաւ կը պատկերացնէ, թէ ի՛նչ հարցեր կան մարզին մէջ: Ըստ անոր, իրենք կը խօսին ապագային մասին, որովհետեւ պիտի ստանձնեն իշխանութիւնը եւ գործեն ապագային համար, իսկ ներկայ իշխանութիւնը մնայուն կերպով կը խօսի անցեալին մասին, որովհետեւ կը պատրաստուի հեռանալու:

Քոչարեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս կան Հայաստանի դիմաց ծառացած շատ լուրջ խնդիրներ, զորս դաշինքը բաժնած է երեք խումբերու` անվտանգութիւն, տնտեսական իրավիճակ եւ ներքաղաքական կացութիւն: «Մենք արժանապատիւ խաղաղութի՞ւնը պիտի ընտրենք, թէ՞ ծնրադրողի կեանքը: Տնտեսական վերե՞լք, թէ՞ ճգնաժամ, արտագաղթ, աղքատութիւն: Համերաշխութի՞ւն երկրին մէջ, թէ՞ ատելութիւն: Մենք իշխանութեան պիտի գանք մէկ հիմնական նպատակով` կը մերժենք ատելութիւնը, ճգնաժամը, ծնրադիր ապրիլը: Իշխանութիւնը կը ստանձնենք բերելու անվտանգութիւն, պաշտպանուած սահմաններ, տնտեսական վերելք: Մենք կու գանք աշխատատեղեր ստեղծելու, հանրութիւնը հաշտեցնելու: Ա՛յս է մեր նպատակը», յայտարարեց «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` շեշտելով, որ այսօր Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը տրուած սխալ որոշումներու հետեւանք է: «Պէտք է Հայաստանի քաղաքացին սրբագրէ 3 տարի առաջ գործած սխալը, մենք մեր պետականութիւնը պէտք է վերադարձնենք հայ ժողովուրդին: «Հայաստան» դաշինքը կու գայ` երկրին մէջ հաստատելու կայունութիւն եւ անվտանգութիւն, կու գայ, որպէսզի բարելաւենք իւրաքանչիւրիդ կեանքը, վերականգնենք մեր արժանապատուութիւնը, կու գանք, որպէսզի շտկենք մեր մէջքը եւ կառուցենք բոլորիս երազած Հայաստանը. ասիկա կրնա՛յ ընել «Հայաստան» դաշինքը», դիտել տուաւ Սաղաթէլեան:

Ան վստահեցուց, որ իրենց խումբն է Հայաստանի փրկութեան ուժը, որ 20 յունիսին պիտի ստանձնէ իշխանութիւնը, հեռացնէ այս չարիքի կառավարութիւնը եւ ստեղծէ հզօր, ամուր եւ ուժեղ Հայաստան:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան վստահեցուց, որ այս բոլորին աւարտէն ետք ամէն մարդ պիտի գիտակցի, թէ ի՛նչ կարեւոր, օրհասական վճիռ տալու դէմ յանդիման գտնուած է 20 յունիսին:  Ան նկատել տուաւ, որ նախորդ ամիսներուն իրենք ձեռնարկած էին ընտրապայքարի` ներկայացնելով իրենց առարկայական արժեւորումը` հիմնուած մասնագիտական վերլուծումներու վրայ, թէ ինչպիսի՛ աղէտալի վիճակի մէջ կը գտնուի մեր երկիրը, ի՛նչ խորունկ փոսի մէջ յայտնուած է մեր երկիրը` ներկայացնելով դաշինքի այն ծրագիրներն ու գաղափարները, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանը դուրս հանել փոսէն եւ զայն դնել զարգացման կայուն հունի մէջ:

Ռուստամեան մատնանշեց, թէ միւս կողմէ գործող իշխանութեան ղեկավարը ընտրապայքարը կը վերածէ կռիւի: «Այսինքն, մարդը ինքզինք կը բացայայտէ. եթէ մինչեւ հիմա կան մարդիկ, որոնք կը մտածեն, թէ ինչո՛ւ պէտք է Նիկոլը մերժել, բաւական է այդ մարդուն նայիլ, լսել, լաւապէս մտածել, հասկնալ եւ հարց տալ, թէ այդ մարդո՞ւն հետ պիտի շարունակենք մեր ճամբան», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ թէ՛ արտաքին, եւ թէ՛ ներքին կեանքին մէջ կարելի չէ արտօնել Նիկոլ Փաշինեանի նման մուրճով ընտրապայքարի ելած եւ սպառնալիքներ տեղացնող անձի, որ ղեկավարէ երկիրն ու տնօրինէ անոր ճակատագիրը: Ռուստամեան համոզուած է, որ մուրճով Փաշինեան իր ինքնապաշտպանական բնազդը կ՛արտայայտէ, քանի որ ինք պիտի կանգնի ժողովուրդի դատաստանին առջեւ:

ՀՅԴ Սեւանի կոմիտէի անդամ Արտակ Վարդանեան ըսաւ, որ 20 յունիսին Հայաստանը  պիտի կանգնի երկու ընտրանքի դէմ յանդիման` ընտրել Հայաստանի ազգային ուժերը ներկայացնող «Հայաստան» դաշինքը եւ կամ թուրք-ազրպէյճանական շահերուն սպասարկող ուժը:

«Մէկ կողմէ ունինք «Հայաստան» դաշինքը, որուն առաջնորդը յաղթած է արցախեան պատերազմին, միւս կողմէ ունինք ուսապարկերու միութիւնը, որուն առաջնորդին պատճառով կորսնցուցինք Արցախի 70 տոկոսը, ունեցանք 5000 զոհ, անհետ կորսուածներ, հազարաւոր վիրաւորներ, տասնեակ հազարաւոր անտուն մնացածներ: Մէկ կողմը «Հայաստան» դաշինքն է, որ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ միասնութեան խորհրդանիշն է, միւս կողմը` ամբողջ Հայաստանը պառակտող, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան գովերգող, Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը կիրթ ու կառուցողական անուանող մէկը», ըսաւ Արտակ Վարդանեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.