Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ բանակցային գործընթացը. Արմէն Ռուստամեան

Ստեփանակերտի մէջ, Մայիս 7-ին, ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին հրապարակուեցաւ հռչակագիր մը եւ ընտրուեցաւ կազմկոմիտէ: Այսօր ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ գումարուեցաւ կազմկոմիտէի երկրորդ նիստը՝ օրակարգի վրայ ունենալով կազմկոմիտէին գործունէութեան հաստատումը:

«Խորհրդաժողովից անմիջապէս յետոյ հռչակագիրը թարգմանուել է ու հրապարակուել ռուսերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով: Լայն տարածման նպատակով որոշեցինք այն թարգմանել նաեւ իսպաներէն: Կազմկոմիտէն կազմուած է Արցախի, Հայաստանի ու Սփիւռքի ներկայացուցիչներից: Այսօրուայ նիստի հիմնական օրակարգը կազմկոմիտէի գործունէութեան հաստատումն է` իրազեկման միջոցով ներկայացնել խորհրդաժողովին ընթացքին տեղի ունեցածը եւ այլն», Yerkir.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան:

Ան աւելցուց, որ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ կը նախատեսեն հաւաքներ ու հանդիպումներ ունենալ օտարերկրեայ պատգամաւորներու, քոնկրէսականներու, ճանչցուած անհատներու հետ, ներկայացնելու Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքին գաղափարը` գործընթացին աջակցութեան ակնկալիքով:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ կը պատրաստուին շրջանակային համաձայնագիր մշակելու` որպէս նախագիծ, իսկ հիմնական նպատակը, որպէս գործընթացի շարունակականութիւն, յաջորդ խորհրդաժողովի նախապատրաստումը պիտի ըլլայ, որ կ՚ենթադրէ աւելի մեծ կազմ, նոր աջակիցներու եւ տարբեր շրջանակներու ընդգրկում:

«Կազմկոմիտէի կազմով նախատեսում ենք հանդիպումներ արտաքին գործերի, պաշտպանութեան, արդարադատութեան նախարարների, ինչպէս նաեւ` մարդու իրաւունքների պաշտպանի հետ, որպէսզի շրջանակային համաձայնագրի հետ կապուած նախագիծը հնարաւորինս անխոցելի լինի: Գործընթացի կարեւորութիւնից ելնելով` հանդիպումներ պէտք է ունենանք նաեւ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահող երկրների դեսպանների հետ` յայտնելու համար մեր գաղափարներն ու մօտեցումները, որոնք պէտք է դիտուեն ոչ թէ որպէս բանակցային գործընթացի խոչընդոտ, այլ այն աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու միտում-նպատակ», եզրափակեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.