Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման նուիրուած գիտաժողովը կայացաւ Օթթաուայի, Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ

Մարտ 13-15, Օթթաուայի, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողով մը՝ «Ցեղասպանութենէն պետականութիւն. 900 օրուան հանրապետութիւնը» թեմայով: Գիտաժողովը կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան կողմէ, համագործակցութեամբ՝ Գանատայի մէջ գործող զանազան հայ ուսանողական միութիւններու։

Խորհրդաժողովի զեկուցաբերներն էին UCLA համալսարանի փրոֆեսոր եւ պատմաբան դոկտոր Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, UCLA համալսարանի փրոֆեսոր, հեղինակ եւ գիտաշխատող դոկտոր Ռուբինա Փիրումեան եւ Ժընեւի Webster համալսարանի փրոֆեսոր եւ լրագրող դոկտոր Վիգէն Չըթըրեան:

Երեք խորհդաժողովներուն ներկայ գտնուեցան հայ եւ օտար աւելի քան 400 ուսանողներ, մտաւորականներ եւ ակադեմականներ։

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման պատմական կարեւորութեան, դոկտոր Ռիչըրտ Յովհաննիսեան յայտնեց. «1918-ին կերտուած Հանրապետութիւնը մեզի շնորհեց հայրենիքէն մասունք մը, այսօրուան մեր հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկն է պահպանել այդ մասունքը եւ կերտել այնպիսի հայրենիք մը, ուր փափաքի ապրիլ ամէ՛ն հայ»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.