Հայաստանի Եւ Սինկափուրի Վարչապետները Քննարկած Են Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Զարգացման Առնչուած Հարցեր

Սեպտեմբեր 29-ին սկսած է Սինկափուրի Հանրապետութեան վարչապետ Լի Սիեն Լոնքի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Հայաստանի վարչապետի նստավայրին մէջ  տեղի ունեցած է դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւն:

Ողջունելով Սինկափուրի գործընկերը Երեւանի մէջ` վարչապետ Փաշինեան նշել է. «Ես ջերմութեամբ կը յիշեմ վերջերս Սինկափուր կատարած մեր պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութիւնը, որ անցաւ արդիւնաւէտ եւ հիանալի մթնոլորտի մէջ: Մենք մեծապէս կարեւոր կը նկատենք Սինկափուրի հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու ընդլայնումը եւ համոզուած ենք, որ ձեր այցելութիւնը Երեւան պիտի նպաստէ մեր երկիրներուն միջեւ բազմակողմանի համագործակցութեան խորացման ու ամրապնդման»:

Սինկափուրի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար: «Պարո՛ն վարչապետ, ձեր Սինկափուր կատարած այցելութիւնը շատ արդիւնաւէտ էր, եւ մենք Երեւան եկած ենք  երկկողմանի կապերուն նոր ազդակ հաղորդելու նպատակով: Մենք կարեւոր կը նկատենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը, այդ կարգին` տնտեսութեան, գործարար կապերու  զարգացման ուղղութեամբ», ըսած է Լի Սիեն Լոնք:

Կողմերը համոզում յայտնած են, որ փոխադարձ բարձր մակարդակի այցելութիւնները պիտի նպաստեն քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ գործակցութեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ  հաստատութենական բարեփոխումներու ընթացքը, այդ կարգին` դատաիրաւական, պետական կառավարման համակարգի, փտածութեան դէմ պայքարի, ներդրումային միջավայրի բարելաւման եւ այլ ուղղութիւններով:

Սինկափուրի վարչապետը վերահաստատած է իր երկրի կառավարութեան աջակցութիւնը հայ գործընկերներուն` զանազան ոլորտներու մէջ փորձառութեան փոխանակման եւ բարեփոխումները  արդիւնաւէտ կեանքի կոչելու գործին մէջ:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ բազմակողմանի համագործակցութեան, յատկապէս` Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Սինկափուրի միջեւ ստորագրուելիք Համապարփակ տնտեսական համագործակցութեան համաձայնագիրի ծիրը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխնակած են նաեւ շրջանային նշանակութեան այլ նիւթերու շուրջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.