Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան եւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին միջեւ համագործակցութիւն
1547
0
Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան եւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին միջեւ համագործակցութեան արձանագրութեան ստորագրութիւն, այս առիթով ալ հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
Միացեալ քննարկումներու ամփոփ արդիւնքներով Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութիւնը եւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը ձեռք ձգած են համագործակցութեան պայմանաւորուածութիւններ, որոնց վերաբերեալ ստորագրուած է արձանագրութիւն:
Համագործակցութիւնը միտուած պիտի ըլլայ գործատուներու եւ աշխատողներու` աշխատանքային իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ, կողմերու կանոնադրութիւններուն համապատասխան, գործընկերային հէնքի վրայ միացեալ նախաձեռնութիւններու իրականացման:
Համագործակցութեան համար նախանշուած հիմնական ուղղութիւններն են`
- «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին աջակցութեամբ գործող աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակին միջոցով` աշխատողներուն եւ գործատուներուն, ներառեալ` Հայաստանի Գործատուներու հանրապետական միութեան տարածքային եւ ճիւղային միութիւններէն ուղղորդուող, աշխատանքային օրէնսդրութեան պահանջներու կատարման վերաբերող, մասնագիտական անվճար խորհրդատուութեան տրամադրում, աշխատողներու համար փաստաբանական անվճար ծառայութիւն` աշխատանքային վէճերու գծով.
- աշխատանքային հիմնական իրաւունքներու մասին իրազեկում գործատուներու աշխատողներու եւ անոնց ներկայացուցիչներու շրջանակին մէջ.
- կողմերու մասնագիտական կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով կարճաժամկէտ վերապատրաստումներու միացեալ կազմակերպում.
- փոխադարձ աջակցութեամբ աշխատանքի ոլորտին մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան զարգացում եւ խորացում.
- աշխատանքային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ իրաւակիրառական փորձի եւ մասնագիտական վերլուծութիւններով օրէնսդրական կարգաւորման խնդիրների վեր հանում, համատեղ լուծումներու մշակում եւ քննարկումներու նախաձեռնում.
- միացեալ աշխատանքներու, ստացուած արդիւնքներու եւ բացայայտուած խնդիրներու մասին հանրային իրազեկում.
- Հաւանական այլ ուղղութիւններ, որոնք կողմերը կը գտնեն նպատակայարմար: