Հայաստանի անկախութեան ժամանակագրութիւն

1916-1917

1916ին ռուսական բանակը հայկական կամաւորական գունդերուն օժանդակութեամբ կը գրաւէ Վանը, Կարինը, Տարօնը եւ Երզնկան։

28 Փետրուար 1917ին, կը պայթի ռուսական մեծ յեղափոխութիւնը։ Կը կազմուի ժամանակաւոր նոր կառավարութիւն մը, որ արտօնութիւն կու տայ հայ գաղթականներուն վերադառնալ իրենց գիւղերը։

1917 Սեպտեմբերին, Թիֆլիսի մէջ կը գումարուի Հայոց ազգային խորհրդաժողովը, որուն տնօրինումով՝ կարճ ժամանակ ետք, կը կազմուին Ազգային Ժողովն ու Ազգային Խորհուրդը։

1917 Հոկտեմբերին տեղի կ՚ունենայ Համայնավարներու Հոկտեմբերեան յեղաշրջումը։ Համայնավարներու պետ Լենինի կոչը «դէպի տուն», մեծապէս հրապուրեց յոգնած ու յուսալքուած ռուս զինուորը, որ շտապեց Ռուսիա վերադառնալ։

500 քլմ. երկարութեամբ ճակատի վրայ, հայկական փոքրաթիւ գունդերը դէմ յանդիման կը մնան Թուրքիոյ դէմ։ Այս դժուարին պայմաններուն մէջ, Ազգային Խորհուրդը շուտով ռազմաճակատ կ՚ուղարկէ հայկական նոր ուժեր. բանակը կը կազմակերպուի եւ ընդհանուր հրամանատար կը նշանակուի Թովմաս Նազարբէկեան։

Թուրքերը ռուսական բանակին հեռացումէն խանդավառուած, 2 Դեկտեմբերէն սկսեալ, Վեհիպ Փաշայի առաջարկով կը բանան Երզնկայի հաշտութեան բանակցութիւնները։

5 Դեկտեմբերին կը ստորագրուի հաշտութեան դաշնագիր, որուն համաձայն զինուորական գործողութիւնները պիտի դադրէին ամբողջ ռազմաճակատին վրայ։

Դեկտեմբերի սկիզբը, Թիֆլիսի մէջ տեղի կ՚ունենայ արեւմտահայ մարմիններու խորհրդակցութիւն։ Կը կազմուի Արեւմտահայ Խորհուրդ՝ Կոմսի ատենապետութեամբ եւ կ՚որոշուի պարտադիր զօրակոչ յայտարարել։ Կը հիմնուի հայկական զօրաբաժին Անդրանիկի հրամանատարութեամբ։

13 Դեկտեմբեր 1917ին, Ազգային Խորհուրդի ջանքերով կը հիմնադրուի հայ ազգային բանակը, զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի հրամանատարութեամբ։ Բանակին կը վստահուի պաշտպանել Հայաստանի սահմանները ռուս բանակին «տունդարձ»էն ետք։

31 Դեկտեմբերին Անդրկովկաս կը հասնի Լենինի եւ Ստալինի ստորագրած յայտարարութիւնը, որ կը հրահանգէր ռուս զինուորներուն անմիջապէս լքել ռազմաճակատը եւ վերադառնալ տուն։

1918

1918 Յունուարի վերջերը Վէհիպ Փաշայի հրամանատարութեամբ, թուրքերը կ՚անցնին ընդհանուր հակայարձակողականի։

Հայկական բանակին թիւը 17,000ի կը հասնէր։ Թրքականը՝ 25,000, իսկ քիւրտ ու թուրք զինեալ ազգաբնակչութեան հետ, թիւը կը հասնէր 50,000ի։

Թուրքերու առաջին թիրախը՝ Երզընկան, կ՚իյնայ 30 Յունուարին։ 3 Փետրուարին կ՚իյնայ նաեւ Բաբերդը։

Փետրուարին կը կազմուի Սէյմը։ Հայերը ներկայացուած են Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատգամաւորներով։ Սէյմը անհաշտ է եւ տեւական վէճի նիւթ են պատերազմը, պետական կազմակերպութեան խնդիրը, սահմանային եւ այլ հարցեր։

16 Փետրուարին Սէյմը կ՚որոշէ հաշտութիւն կնքել Թուրքիոյ հետ։

Երզնկայէն Կարին կը փոխադրուի թուրքհայկական ճակատը, ուր կը գտնուէին Ապահովութեան Խորհուրդի հրամանատար Անդրանիկ, ռուս զինուորականներ, Մուրատ, բժիշկ Զաւըրեան եւ 4000 հայ զինուորներ։

Կը գրաւուի Կարինը։

Ապրիլի կէսերուն, թուրքերու կողմէ կը գրաւուի Վանը։

23 Փետրուարէն սկսեալ Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի Սէյմի միջեւ կը սկսին բանակցութիւններ, որոնք կը տեւեն մինչեւ 1 Ապրիլ։

3 Մարտ 1918ին կը ստորագրուի ՊրէսթԼիթովսկի դաշնագիրը։ Համայնավարները առանց հայերու կարծիքը առնելու, ո՛չ միայն Արեւմտահայաստանը, այլեւ՝ Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը կը յանձնէին թուրքերուն։

9 Մարտին, Սէյմը կ՚որոշէ Անդրկովկասը անկախ հռչակել։

12 Մարտին, Չխենկելիի հրամանով Կարսը թուրքերուն կը յանձնուի առանց դիմադրութեան։

23 Մարտին, թուրքերը կը գրաւեն Սարըղամիշը։

11 Մայիսին, երկու կողմերը կը սկսին Պաթումի բանակցութիւններուն։ Ռազմաճակատի վրայ հայութիւնը դաւաճանուած կը զգար Անդըրկովկասի իր դաշնակիցներէն։

Պաթումի մէջ, թուրքերը հայերուն կ՚առաջարկեն 11,000 քառ. քլմ. տարածութեամբ Հայաստան մը՝ Արագածի եւ Սեւանի միջեւ, առանց Ալեքսանդրապոլի եւ Երեւանի։

15 Մայիսին թուրքերը կը յարձակին Ալեքսանդրապոլի վրայ եւ կը գրաւեն զայն։ Թուրքերու այս յառաջխաղացքէն շշմած էին Անդրկովկասի ազգութիւնները, նոյնիսկ Թուրքիոյ պատերազմական դաշնակից գերմանական պատուիրակութիւնը։

Արարատեան դաշտին մէջ ապաստանած գաղթական եւ սովահար հայութիւնը կ՚ապրի օրհասական ժամեր։ Գերմանիոյ սաստումներն ու սպառնալիքները ի զուր կ՚անցնին, եւ Թուրքիա ժամը հասած կը նկատէ Թալէաթի եւ Էնվէրի երազները իրագործելու…

15 Մայիսին Արամ Մանուկեան կը հռչակուի տիքթաթոր. ան կը մարմնաւորէ ու կը կենդանացնէ Հայ ժողովուրդի նորագոյն յարութիւնը, ոտքի հանելով ամբողջ հայութիւնը։

24-26 Մայիս Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ տեղի կ՚ունենան արիւնահեղ կռիւներ։ Հայերը կը մասնակցին ազգովին՝ այր, կին, երեխայ, ծեր, կրօնաւոր, գաղթական եւ զինուոր։ Թուրքերը կը կրեն պարտութիւն՝ բոլոր ճակատներուն վրայ եւ կու տան մեծ կորուստներ։

26 Մայիսին վրացիներու առաջարկով Սէյմը ինքզինք լուծուած կը հռչակէ։ Վրացիները կը յայտարարեն իրենց ազգային անկախութիւնը։

27 Մայիսին անկախութիւն կը հռչակեն ատրպէյճանցիները։

23-28՝ տեղի կ՚ունենան Բաշ Ապարանի պատմական կռիւները։ Արամի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ, զօրավարներ Նազարբէկեանի, Սիլիկեանի, Արարատեանի, Դրոյի, Ղօրղանեանի եւ ուրիշներու վճռական հարուածներով նոր էջ կը բացուի հայոց համար։

Մայիս 28ին Հայոց Ազգային Խորհուրդը կը յայտարարէ Հայաստանի անկախութիւնը։

4 Յունիսին կը ստորագրուի խաղաղութեան դաշնագիրը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Հայաստան 12,000 քառ. քլմ. է։ Վարչապետ Քաջազնունի կը կազմէ Հանրապետութեան առաջին դահլիճը։

Օգոստոսին տեղի կ՚ունենայ հանդիսաւոր բացում Հայաստանի Օրէնսդիր Ժողովին։

15 Սեպտեմբերին, երկար հերոսամարտերէ ետք, Պաքուն կ՚իյնայ թուրքերու ձեռքը եւ 30,000 հայ կը կոտորուի։

21 Հոկտեմբերին Լոռիի Բամպակի շրջանը կ՚անցնի հայերուն ձեռքը։

1-18 Նոյեմբերին կը հռչակուի ընդհանուր զինադադար։ Հայկական զօրքերը մուտք կը գործեն Ղարաքիլիսէ։

2 Դեկտեմբերին հայ բանակը կը վերագրաւէ Ալեքսանդրապոլը եւ զայն կը կցէ Հայաստանի Հանրապետութեան։

5 Դեկտեմբերին վրացական զօրքերը կը գրաւեն Ալեքսանդրապոլը։

13 Դեկտեմբերին կը սկսի Հայ-Վրացական պատերազմը։ Հայերը կը յաղթեն բոլոր ճակատներուն վրայ եւ կը հասնին վրացական սահման։

1919

24-28 Ապրիլ 1919ին Կարսը կ՚անցնի հայոց ձեռքը։

1 Մայիսին կը պետականացուի Կողբի աղահանքը։

2 Մայիսին Հայկական բանակը կը գրաւէ Արփաչայ Սարըղամիշ երկաթուղին։

13 Մայիսին առանց կռուի Հայկական բանակը կը մտնէ Օլթի եւ Կաղզուան։

20 Մայիսին Հայկական բանակը կը գրաւէ Նախիջեւանը։

28 Մայիս 1919ին, Հայաստանի կառավարութիւնը կը յայտարարէ Անկախ, Միացեալ եւ Ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութիւն։

1 Օգոստոսին Աւետիս Սահակեանի նախագահութեամբ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանի հանդիսաւոր բացումը։

5 Օգոստոսին Ալ. Խատիսեան կը կազմէ նոր կառավարութիւն։

1919-1920, 20,000 հայեր Ատրպէյճանէն Հայաստան կը ներգաղթեն։

1920

19 Յունուար 1920ին դաշնակիցներու գերագոյն խորհուրդը Տը Ֆաքթօ կը ճանչնայ Հայաստանի կառավարութիւնը։

4 Ապրիլին, Ատրպէյճանի թուրքերը կը կազմակերպեն Շուշիի հայութեան կոտորածը։ Ղարաբաղի մէջ տեղի կ՚ունենան բախումներ՝ հայերու եւ թուրքերու միջեւ։

5 Մայիսին Խատիսեան խորհրդարանին կու տայ իր հրաժարականը։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն իր լրիւ կազմով կ՚անցնի իշխանութեան գլուխը։

Մայիսին, բոլշեւիկները կը կազմակերպեն խռովութիւններ, որոնք անմիջապէս կը ճզմուին կառավարութեան կողմէ։

10 Օգոստոսին, Աւետիս Ահարոնեան կը ստորագրէ Սեւրի դաշնագիրը։

Ըստ Սեւրի դաշնագրին Հայաստան կ՚ունենայ մօտաւորապէս 162,000 քառ. քլմ. տարածութիւն, ծովային ելքով։

23 Սեպտեմբերին թուրքերը յարձակումի կ՚անցնին ու կը սկսի Հայթրքական պատերազմը։

20-26 Հոկտեմբեր Սուրմալուի ճակատին վրայ տեղի կ՚ունենան արիւնալի կռիւներ։ Դրոյի ղեկավարութեամբ թուրքերը կը ջախջախուին։

30 Հոկտեմբերին Համօ Օհանջանեանի կառավարութիւնը կը հրաժարի։ Երկու օր ետք, Վրացեան կը կազմէ իր դահլիճը։

29 Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի եւ Կարմիր բանակի օգնութեամբ՝ Հայ համայնավարները կը մտնեն Իջեւան։

30 Նոյեմբերին, Համայնավար Կուսակցութեան եւ Խորհրդային իշխանութեան կողմէ Լըգրան (խորհրդային պատուիրակ) վերջնագիր կու տայ Հայաստանի կառավարութեան՝ խորհրդայնացնելու Հայաստանը։

2 Դեկտեմբերին Ալէքսանդրոպոլի մէջ կը ստորագրուի հաշտութեան դաշինք՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։

2 Դեկտեմբերին Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու եւ Լըգրանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրով՝ Հայաստան կը հռչակուի Խորհրդային հանրապետութիւն։

25 Դեկտեմբերին Զանգեզուրը Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեամբ կը հռչակուի ինքնավար մարզ։

1921

24 Յունուար 1921ին Հայաստանի բանակի սպաները՝ 1200 հոգի, կ՚աքսորուին Ռուսաստան, անոնց մէջ նաեւ զօրավարներ՝ Սիլիկեան, Հախվերդեան եւ Սպարապետ Նազարբէկեան։

18 Փետրուար 1921ին, ընդհանուր ապստամբութիւն բոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ։

16 Մարտին կը ստորագրուի Մոսկուայի դաշնագիրը, եւ Կարսն ու Արտահանը կը նկատուին թրքական։ Նախիջեւանը կը յանձնուի Ատրպէյճանին։

13 Հոկտեմբերին Խորհրդային Հայաստան եւ Թուրքիա կը ստորագրեն Կարսի դաշնագիրը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.