Համա-ՀՄԸՄ-ական Մարզական Առցանց Ա. Համագումարը՝ Մայիս 8-ին

Այս Շաբաթ, 8 Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամով), բացումը կը կատարուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզական առցանց Ա. համագումարին, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է միութեան պատմութեան մէջ։ Արդարեւ, 1982-էն սկսեալ, քառամեայ դրութեամբ կազմակերպուած են համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական համագումարներ, սակայն մարզական համագումար ցարդ չէ կատարուած։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացուող այս համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան 21 շրջաններէն մարզական պատասխանատուներ եւ մարզիչներ։ Հիւրաբար կը մասնակցին Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններու ներկայացուցիչները։

Համագումարը կ’երկարի երկու Շաբաթ օրուան վրայ, 8 եւ 15 Մայիս 2021-ին, օրակարգի վրայ ունենալով միութեան մարզական կեանքը հետաքրքրող բազմաթիւ նիւթեր.- Շրջաններու մարզական կեանքի ընդհանուր գնահատում եւ արժեւորում, մարզական կեանքի նպատակ եւ առաջադրանքներ, մարզական կանոնագրութեան վերամշակում, մարզական կեանքի պատշաճեցում քորոնայի պայմաններուն, առցանց մարզախաղերու ծրագիր, յատուկ խնամքի կարօտ փոքրիկներու «Հրաշք» մարզախաղեր, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ԺԱ. մարզախաղեր (Հայաստան, 2022) եւ այլն։

Համագումարի բացման, կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքերու կողքին, մասնակիցներուն տեսակապով ողջոյնի խօսքեր կը փոխանցեն եւ մարզական իրենց փայլուն անցեալին մասին վկայութիւններ կը ներկայացնեն վաստակաշատ մարզիկներ Արա Յակոբեան, Հրաչ Սիսեռեան եւ Սելլա Թնճուկեան։ Համագումարին կը ներկայացուին այս առիթով պատրաստուած երեք տեսանիւթեր՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական կեանքին, «Հրաշք» մարզախաղերու եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու պատմութեան մասին։

Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը ուղղակի կը սփռուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմատետրի էջի հետեւեալ կապով՝ https://www.facebook.com/MyHomenetmen

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.