Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու պատմութեան ժամի 2025-2026 տարեշրջանի վերջին հանդիպումը
- (0)

Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու Պատմութեան Ժամի 2025-2026 տարեշրջանի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, մայիս 15-ին, Կէօնճեան Կեդրոնին մէջ։
Ամսուան պատմութիւնը՝ «Շատ մեծ եմ, թէ շատ փոքր», կարդաց Ժօէլ Տէրնիկողոսեանը։ Անոր հաճելի եւ խանդավառ պատմելու ոճը ստեղծեց զուարճալի մթնոլորտ մը, ուր մասնակցող փոքրիկները մեծ հաճոյքով եւ ուշադրութեամբ հետեւեցան ներկայացուած պատմութեան։ Փոքրիկները Ժօէլին հետ միասին, պատմութեան ընթացքին, զրուցեցին ընտանեկան յարաբերութիւններու մասին, յատկապէս՝ մօր դերին շուրջ։
Ընթերցումէն ետք, Ժօէլին առաջնորդութեամբ եւ յանձնախումբի անդամ Ասօ Մախուլեանի կիթառի ընկերակցութեամբ, մասնակցող փոքրիկները երգեցին մանկական տարբեր երգեր։ Ապա, յանձնախումբին առաջնորդութեամբ, փոքրիկները մասնակցեցան ստեղծագործական աշխատանքի մը, ուր իւրաքանչիւր փոքրիկ պատրաստեց իր գունաւոր ծաղկեփունջը։
Ի սրտէ երախտապարտ ենք Ժօէլին, որ սիրայօժար կերպով միացաւ մեզի եւ իր ներկայութեամբ խանդավառեց փոքրիկները։ Շնորհակալութիւն բոլոր ծնողներուն, որոնք մեր առաքելութեան վստահելով՝ ամէն ամիս իրենց զաւակները բերին մեր ամսական հաւաքներուն։
Առայժմ դադար՝ մինչեւ նոր հանդիպում, Սեպտեմբեր 2026-ին։
Ձեզ անհամբեր սպասող`
Փոքրերու Պատմութեան Ժամի յանձնախումբ
ՅԳ. Սոյն հանդիպումին այն փոքրիկները, որոնց գծագրութիւնը լոյս տեսաւ «Հորիզոն»ի Մանկապատանեկան յաւելուածին մէջ, ստացան «Հորիզոն» շաբաթաթերթը, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Հորիզոն» շաբաթերթի անձնակազմին: