Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ կայացաւ CBC–ի լրագրող Ռաֆֆի Պուճիգանեանի «Journey Through Genocide» գիրքին շնորհահանդէսը

Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ին Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ CBC-ի լրագրող Ռաֆֆի Պուճիգանեանի «Journey Through Genocide» գիրքին շնորհահանդէսը:

Ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տէր Գարեգին Վարդապետ Շխըրտմեան, Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վահէ Անտոնեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար հիւրեր:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Վանգուվըրի Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղի ատենապիտուհի ընկերուհի Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ընդգծեց Համազգայինի տարած աշխատանքներուն կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր հայապահպանման, ապա ընկեր Ասպետ Չոլաքեան ներկայացուց տիար Պուճիգանեանի կենսագրականը: Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց ընկեր Վիգէն Գոչեանը:

Ռաֆֆի Պուճիգանեան իր «Journey Through Genocide» գիրքով կ’անդրադառնայ ցեղասպանութիւններէ վերապրած հաւաքականութիւններու: Ան կը ներկայացնէ իր մէկ ճամբորդութեան օրագրութիւնը՝ սկսելով Չատի մէջ ՄԱԿ-ի հիմնած գաղթակայաններէն, ուր ապաստան գտած էին Տարֆուրի ցեղասպանութենէն ճողոպրածներ, անցնելով Քիկալիի մէջ Ռուանտայի յետ-ցեղասպանութեան հաշտութեան միջավայրէն, հասնելով Արեւմտահայաստան, ուր իր իսկ նախնիները ցեղասպանութեան ենթարկուած էին:

Տիար Ռաֆֆի Պուճիգանեան հմտօրէն ներկայացուց իր գիրքը, որուն ընթացքին գիրքէն բաժիններ կարդացին գաղութիս պատանիներէն Լոռի Գորաճեանը, Արեգ Պէշրիկեանը եւ Արի Մեսրոպ Չոլաքեանը:

Ան լայնօրէն անդրադարձաւ իր գիրքին հրատարակման տուն տուող պատճառներուն եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրութիւններ տուաւ իր գիրքին մասին:

Աւարտին տիար Պուճիգանեան մակագրեց իր գիրքը եւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։

Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.