Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղը բժշկական դիմակներ կը նուիրէ Աքատիի շրջանի տարեցներու հոգատարութեան կեդրոններուն

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւնը, համագործակցութեամբ Աքատի շրջանի Երեսփոխան Քրիսթին ՍէնՓիէռին, 1500 կտաւէ վերաօգտագործելի դիմակներ նուիրեց վերոնշեալ շրջանին մէջ գտնուող տարեցներու հոգատարութեան կեդրոններու բնակիչներուն։

«Սանահին» մասնաճիւղը մշակութային մարզէն ներս մօտէն համագործակցած է երեսփոխան ՍէնՓիէռ գրասենեակին հետ, միշտ մասնակցութիւն բերելով Քեպէգի Ազատական կուսակցութեան տարեկան հանգանակային ճաշկերոյթներուն։ Տիկին ՍէնՓիէռ 2007-2012 վարած է Քեպէգ նահանգի կրթութեան նախարարի պաշտօնը, իսկ 2014-2018 միջազգային յարաբերութեանց եւ ֆրանքոֆոնիի նախարարութեան պաշտօնը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.