Հալէպի երկրաշարժէն ետք
758
0
6 Փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան ժամերուն Սուրիոյ հիւսիսային քաղաքները յատկապէս Հալէպը ենթարկուեցաւ ահաւոր երկրաշարժի:
Անցնող տասը տարիներուն սուրիական պատերազմի արհաւիրքը տակաւին չթօթափած, այս անգամ հալէպահայութեան կը սպառնար բնութեան աղէտը, պատճառելով նիւթական ահաւոր վնասներ, տնազուրկ դարձնելով հազարաւոր քաղաքացիներ:
Առաջին երկրաշարժին յաջորդեց երկրորդը, ապա տասնեակ մը յետցնցումներ, որոնց պատճառով Հալէպի բնակչութեան մեծամասնութիւնը խուճապահար փողոց իջաւ անձրեւին եւ ցուրտին ապահով վայրեր փնտռելու:
Հայկական կեդրոններու, եկեղեցիներու սրահները լայն բացին իրենց դռները, նաեւ դպրոցի փոխադրակառքերը տրամադրուեցան եւ երկրաշարժի ցնցումը ապրող բնակչութիւնը ապահով վայրեր ապաստան գտան:
Տասնեակ տարիներէ ի վեր Սուրիան նման ցնցումի չէր ենթարկուած:
Երկրաշարժին յաջորդող առաւօտեան վաղ ժամերուն, երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կոչնակը կը ղօղանջէր, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան եկեղեցւոյ դռները բացաւ եւ ընդունեց վախի եւ սարսափի մատնուած ժողովուրդը:
Եկեղեցւոյ մէջ Տէր Հայրը մինչեւ առաւօտ աղօթքներով, շարականներով, հոգեւոր երգերով յոյս ներշնչեց:
Ապա յետմիջօրէին, քահանայ հայրը ամբողջ Սաղմոսացը ընթերցեց: Իսկ իրիկուան եկեղեցի այցելեցին Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամները:
Եկեղեցւոյ մէջ 170 հոգի ապաստանած էր։ Անոնց համար ապահովուեցան կենցաղային բոլոր պայմանները: Մեր ակումբներու երիտասարդները բաժնեցին ծածկոցներ, ակրատներ: Ազգային Վարչութիւնը եւ պատասխանատու կողմերը սննդեղէն ապահովեցին: Շտապի տղաքը օգտակար դարձան առողջապահական պարագաներ ունեցողներուն: Երիտասարդ կամաւորները պահակութիւն ըրին հայաբնակ շրջաններուն եւ եկեղեցւոյ մէջ:
Մենք երախտապարտ ենք նաեւ այդ տղոց արթուն աչքերուն:
Երեքշաբթի, երեկոյեան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան զօրակցական այցելութիւն տուաւ եկեղեցւոյ մէջ ապաստանած հայորդիներուն, որոնք համախմբուած են երկրաշարժի վտանգէն պաշտպանուելու համար:
Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայորդիներուն, գօտեպնդեց զիրենք եւ աղօթեց, որ երկրաշարժի աղէտը վերջ գտնէ եւ մաղթեց, որ դժուարին պայմաններուն մէջ աղօթքով մեր սէրն ու կապուածութիւնը արտայայտենք իրարու նկատմամբ եւ հաւատքով զօրացած յաղթահարենք մեր առջեւ ծառացող բոլոր դժուարութիւնները:
Եկեղեցւոյ մէջ մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց հացն ու ջուրը բաժնեցին արաբ ժողովուրդին զաւակներուն հետ:
Այսօր Սուրիոյ, ի մասնաւորի Հալէպի հսկայ շէնքեր աւերակի վերածուած են: Կարիքները մեծածաւալ ու բազում են: Տնտեսական վնասները՝ մեծ։ Երկրաշարժը ցնցեց Հալէպ քաղաքը, խլրտեց կեանքը՝ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին ու երէցին, միաժամանակ զօրաշարժի ենթարկելով համայն մարդկութիւնը, նամանաւանդ սփիւռքահայութիւնը:
Երկուշաբթի, 20 Փետրուարի երեկոյեան դարձեալ երկրաշարժ մը ցնցեց Սուրիան, որուն պատճառով ժողովուրդը կրկին վերապրեցաւ այդ մղձաւանջը: Հայ ժողովուրդը անգամներ ապրած է նման աղէտներ, բայց երբեք չէ կորսնցուցած ապրելու ոգին, տոկալու կորովը:
Պայքարող ժողովուրդ ենք, յոյսով ենք որ հալէպահայութիւնը այս տագնապը պիտի շրջանցէ շնորհիւ իր գոյատեւելու կամքին:
Սոնա Զամպագճեան-Ճարպիկեան